ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Թրքական զօրքերու Կիլիկիա մուտքէն եւ հայերու զանգուածային գաղթէն ետք, Մուսա Լեռ եւ Քեսապ, Սուրիոյ Ալեքսանտրէթի սանճագէն ներս գտնուելով, փրկուած էին:
Նշենք, որ թրքական գրաւումէն ետք, փոքրաթիւ հայեր տակաւին կը մնային իրենց բնակավայրերուն մէջ: 1922-ի տարեսկիզբին շուրջ հինգ հազար հինգ հարիւր հայեր մնացած էին Այնթապի եւ Քիլիսի մէջ: Սակայն յաջորդող ամիսներուն մնացողներն ալ գաղթեցին:
Ֆրանսացիք մտած էին Սուրիա, գլխաւոր քաղաքները իրենց հակակշիռին տակ առած էին, բայց տակաւին չէին ամրապնդուած եւ գաւառներուն մէջ անիշխանութիւն կը տիրէր:
Ֆրանսական պատժիչ ջոկատներ կ՛ուղարկուէին գաւառներ, որոնք դաժան հաշուեյարդար կը տեսնէին իրենց դիմադրութիւն ցոյց տուողներուն դէմ: Ռազմական դատարանները անուանական դատավարութիւններէ ետք մահապատիժ կը սահմանէին սուրիացի ազգային գործիչներու դէմ կամ զանոնք Արուատ կղզին կ՛աքսորէին: Արաբական մամուլին դէմ խիստ հսկողութիւն սահմանուեցաւ եւ սուրիական շատ մը թերթեր փակուեցան:
Ֆրանսական տիրապետութեան դէմ ապստամբութիւններ բարձրացան Հաուրանի, Գունէյթրայի եւ Ճեպէլ Տրուզի մէջ: Դամասկոսի մէջ ցոյցեր եւ գործադուլներ տեղի ունեցան: Ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները 28 յունիս 1922-ին ստեղծեցին Սուրիական պետութիւններու համադաշնակցութիւնը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ Ալեքսանտրէթի սանճագը:
* * *
Ալեքսանտրէթի սանճագ մտած ֆրանսական զօրքը Անտիոքէն յառաջանալով հասաւ Կասիոս լերան արեւելեան կողմը գտնուող Չանտըր եւ Պեզկէ գիւղերը եւ մօտեցաւ Քեսապի ու Օրտուի:
Օրտուի մէջ կեդրոնացած էր Ճեպէլ Ագրայի բարձրագոյն հրամանատարութիւն կոչուող թրքական զինուորական սպայակոյտը:
Պեզկէի մէջ թուրքեր դիմադրութիւն ցոյց տուին, բայց նուաճուեցան: Ֆրանսացիք երկու զոհ տուին Պեզկէի մէջ:
Քեսապցիք, ֆրանսական զօրքին գալու լուրը առնելով, դիմաւորութեան ելան:
Պեզկէէն հարաւ եւ Սեւ Աղբիւրէն հիւսիս-արեւելք գտնուող Տեսթուրի մէջ քեսապցիները հանդիպեցան ֆրանսացի զինուորներուն եւ հիւրասիրութեամբ պատուեցին զանոնք:
Ֆրանսացիք իրենց երկու զոհերուն դիակները քեսապցիներուն յանձնեցին թաղելու համար, իսկ իրենք հեռացան առանց Քեսապ մտնելու:
Ատեն մը ետք Լաթաքիայէն ֆրանսական սպառազինուած զօրագունդ մը յառաջացաւ դէպի Օրտու: Քեսապցի մարտական տղաքը ֆրանսացի զինուորներուն ընդառաջ գացին եւ զանոնք դիմաւորեցին Տիւզաղաճի մէջ:
Ֆրանսացիք քեսապցիներէն խնդրեցին զիրենք առաջնորդել դէպի Օրտու:
Քեսապցի մարտական տղաքը ֆրանսացիները անտառային գօտիէն առաջնորդելով մօտեցան Օրտուի:
Օրտուի թուրքերը փորձեցին դիմադրութիւն ցոյց տալ: Ֆրանսացիք թնդանօթի բռնեցին աւանը: Հրոսակապետեր, չեթէներ սկսան փախուստի դիմել: Ռմբակոծումներուն ձայները կ՛արձագանգէին եւ կը հասնէին Քեսապ:
Թուրքեր չկրցան երկար դիմադրել: Ֆրանսական զօրքը մտաւ Օրտու:
Օրտու մտնելէն ետք ֆրանսացիք սկսան խուզարկութիւններ կատարել եւ աւազակապետերը ձերբակալել:
* * *
Օրտու մտած ֆրանսական զօրագունդի հրամանատարը լուր ղրկեց Քեսապ, որ կ՛ուզէ տեսակցիլ քեսապցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Քեսապի զինուորական իշխանութեան հրամանատար Մովսէս Շահպազեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը Օրտու մեկնեցաւ եւ ֆրանսացի գնդապետին մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան, հայերու ու թուրքերու փոխ յարաբերութիւններուն, տեղի ունեցած բախումներուն եւ օրտուցիներու ներկայացուցած սպառնալիքներուն շուրջ:
Ֆրանսացի գնդապետը շատ գոհ մնաց քեսապցիներու տուած տեղեկութիւններէն եւ իր կարգին փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ Քեսապ, ուր փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ: Յաջորդ օր ան վերադարձաւ Օրտու եւ հոնկէ մեկնեցաւ Անտիոք:
* * *
Քեսապի զինուորական իշխանութիւնը իր հետախոյզներուն միջոցով իմացաւ, որ ֆրանսացի գնդապետը Անտիոք մեկնած է, իսկ Օրտու մնացած իր զինուորներուն արտօնած է ազատօրէն շրջագայիլ շրջանին մէջ:
Զինուորական իշխանութիւնը իմացաւ նաեւ որ թրքական զինուած ուժ կամ պաշիպոզուք չէ մնացած Օրտուի մէջ:
Զինուորական իշխանութիւնը որոշեց պատժիչ արշաւախումբ մը ղրկել Օրտու եւ վրէժ լուծել օրտուցիներէն:
Օրտուցիք 1909-ի թալանտին յարձակած էին Քեսապի վրայ, ժողովուրդը փախուստի մղած, տուներն ու ինչքերը եւ շուկան թալանած, հրդեհած եւ հանդիպած հայը սուրի քաշած էին:
Քեսապցի մարտական տղոց պատժիչ արշաւախումբը շարժեցաւ դէպի Օրտու: Մարտական տղոց հետեւեցաւ ժողովուրդը, ով որ կրնար:
Օրտու հասնելէն ետք, նախքան ներխուժումի անցնիլը, մարտական տղաքը շրջապատեցին աւանը, առաջքը առնելու համար որեւէ անակնկալի: Զինուորական հրամանատարութիւնը խստիւ արգիլեց ոեւէ բնակիչի վրայ ձեռք չբարձրացնել, սպանութիւն չկատարել: Ներխուժելով Օրտու, քեսապցիք աւանին թուրք բնակիչները քշեցին իրենց տուներէն, ապա թալանեց ու հրդեհեց Օրտուն:
* * *
Ալեքսանտրէթի սանճագը միացած էր Սուրիական պետութիւններու համադաշնակցութեան, բայց կը պահպանէր իր յատուկ կարգավիճակը: Սուպհի բէկ Պերեքէթ, սանճագցի թուրք կալուածատէր մը, սուրիական պետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ ընտրուած էր:
Սուպհի բէկ Պերեքէթ նախապէս ֆրանսացիներու դէմ գործող չեթէական հրոսակախումբերու պետն էր եւ լաւ կապեր ունէր թրքական քեմալական իշխանութիւններուն հետ:
Ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները Սուրիոյ տարածքին կարգ ու կանոն հաստատելու համար լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէին: Ճեպէլ Տրուզի բնակիչները 1922-ի ամրան Սուլթան Աթրաշի գլխաւորութեամբ կրկին ապստամբութիւն բարձրացուցին: Խռովութիւններ բարձրացան նաեւ այլ շրջաններու մէջ: Սուրիոյ տարածքին տեղաբաշխուած ֆրանսական 70 հազարնոց բանակը ծանր կորուստներ կրեց:
* * *
Քեսապի Ազգային միութիւնը եւ զինուորական իշխանութիւնը շուրջ երեք տարիէ ի վեր ինքնիշխան գոյավիճակ հաստատած էին գաւառին մէջ:
Սակայն վերջին շրջանին ներքին հակամարտութիւններ սկսած էին եւ խառնակ վիճակ կը տիրէր Քեսապի մէջ:
Քեսապ աւանին մէջ եւ շուկային վրայ քիչ թէ շատ ազդեցիկ ընտանիքներ կային, որոնց ներկայացուցիչները պարոն («պերուն») կը կոչուէին: Գիւղացիք իրենց կարիքներուն համար անոնցմէ ապառիկ ապրանք կ՛առնէին, աշնան կասլի ձէթը անոնց կը ծախէին, բայց, ինչպէս կ՛ըսէին, հաշիւի տետրակը չէր գոցուեր եւ միշտ ալ պարտական ու ենթակայ կը մնային: Պարոններու ընտանիքներէն ոմանք ալ կալուածներ ունէին շրջակայ գիւղերուն մէջ եւ գիւղացիները իբրեւ մարապայ կ՛աշխատցնէին իրենց հողերուն վրայ: Ոմանք ալ հինէն կառավարութեան մարդիկ եղած էին:
Ամէնէն աւելի ազդեցիկ եղած էր Սերգօ աղա Մահտեսեան` Մուղտսիկունց գերդաստանին պետը: Գաղթականութենէն դառնալէն ետք Սերգօ աղա փորձեց վերահաստատել իր հեղինակութիւնը եւ հակադրուեցաւ Ազգային միութեան: Անհասկացողութիւնները հետզհետէ խորացան: Սերգօ աղա իր մարդոցմով եւ քանի մը վարձկան իր շուրջ համախմբելով սկսաւ մարտահրաւէր կարդալ Ազգային միութեան:
Սերգօ աղա կ՛ըսէր, որ Ազգային միութիւնը բողոքականներուն ձեռքն է եւ բոլոր հարցերուն պատճառը բողոքականներն են: Ան հրապարակային հայհոյութիւններով կը ջանար վարկաբեկել բողոքականները եւ կիրքերը հրահրել:
Շուկայի վրայ դիրք եւ ազդեցութիւն ունեցող ընտանիքներէն շատեր բողոքական էին, եւ բողոքականութեան դէմ պայքարի անուան տակ Սերգօ աղա իրեն մրցակից ընտանիքներուն դէմ կը պայքարէր:
Բողոքական համայնքին մէջ ազդեցիկ էին Չիւրիքեանները, որոնք վաճառականներ եւ կալուածատէրեր էին: Անոնք ահագին հողեր ունէին Գալատուրանի եւ Տիւզաղաճի մէջ:
Մահտեսեան եւ Չիւրիքեան ընտանիքներուն միջեւ միջադէպ մը բռնկեցուց կիրքերը: Երկու ընտանիքներն ալ զէնքի դիմեցին: Հրացանաձգութիւն սկսաւ երկու տուներուն միջեւ: Բախումները երկարեցան եւ սաստկացան: Մահտեսեանները իրենց մարդիկը, Չիւրիքեաններն ալ իրենց կողմնակիցները շուրջերնին համախմբեցին: Յաջորդող օրերուն Քեսապ աւանին մէջ, թաղէ թաղ բուռն կռիւներ մղուեցան: Երկու կողմէն զոհեր ինկան: Կողմերը նաեւ վարձկան մարդասպաններու ձեռքով սկսան մաքրագործումներ կատարել:
Ֆրանսական իշխանութիւնը 1922-ի աշնան հաստատուեցաւ Քեսապի մէջ: