Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ծովային ու ցամաքային փոխադրամիջոցներու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Մազեն Պասպուսի եւ Լիբանանի նաւակներու ֆետերասիոնի նախագահ Ռապիհ Սալեմի եւ Պէյրութի նաւակներու ակումբի գանձապահ Խէյրալլա Խէյրալլայի հետ քննարկեց ակումբի վերականգնման ու վերստին կեանքի կոչման կարելիութիւնները, ինչ որ պիտի նպաստէ նաւակներու մարզաձեւի Լիբանանի մէջ վերաշխուժացման ու կիրարկման ամրապնդման: