«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Փոխեց Դեղին Քարտերու Կախակայումի Օրէնքները

Անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի մրցումներէն առաջ, Պայերն Միւնիխ դժուար վիճակի մէջ կը գտնուէր` քանի մը մարզիկներու դեղին քարտեր ունենալնուն պատճառով: Այդ օրերուն Պայերնի մարզիչ Վենսան Քոմփանի դիմած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, որ օրէնքները վերատեսութեան ենթարկէ:

Անցեալ տարեշրջանին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի երեք մրցաշարքերուն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի, «Եորոփա լիկ»-ի եւ «Քոնֆերենս լիկ»-ի, երբ մարզիկ մը ստանար իր 3-րդ դեղին քարտը, 1 մրցումով կը կախակայուէր եւ կը յաջորդէր այլ կախակայում մը յաջորդ անզոյգ թիւին` 5-րդ, 7-րդ (դեղին քարտ) եւ այլն:

Այդ օրէնքը այժմ փոխուած է, մանաւանդ որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.» նկատեց, որ ակումբներ նախկինէն աւելի մրցումներ կը կատարել, եւ բնական է, որ քարտեր ալ կրնան ստանալ: Այժմ օրէնքը վերատեսութեան ենթարկուած է եւ միայն 4 դեղին քարտերէ ետք է, որ մարզիկ մը 1 մրցումով կրնայ կախակայուիլ, ապա անշուշտ նոյն ձեւով 6-րդ, 8-րդ դեղին քարտերէն ետք:

Քառորդ աւարտականին մրցումներէն ետք դեղին քարտերը կը ջնջուին: Նախկին օրէնքին «զոհ» գացած էր նաեւ նոյնինքն Վենսան Քոմփանի, որ 4-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռէալ Մատրիտին, դեղին քարտ մը ստացած էր (իր 3-րդը), որուն պատճառով ան ստիպուած էր թրիպիւններէն դիտել անմոռանալի Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայերն Միւնիխ (4-3) մրցումը, ուր իր մարզած խումբը դուրս մնացած էր աւելի ուշ ախոյեան դարձած Փարիզի ակումբէն:

 

 

Leave a Comment