«Չեմփիընզ լիկ»-ի 2026-2027 տարեշրջանի զտումի Գ. հանգրուանի իր երթի մրցումին, Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա, «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովենիոյ ախոյեան Ցելիէն:
«Ցելիէ 22-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց մրցումի առաջին կոլը Սվեթ Սեսլարի միջոցով, բայց Արարատ Արմենիա 16 վայրկեան ետք կրցաւ հաւասարիլ շնորհիւ Արթուր Սերոբեանի ռմբային ազատ հարուածին, որ 30 մեթրէն ձախ ոտքի անզսպելի հարուածով գրաւեց Զան Լեպանի բերդը:
Բ. կիսախաղին հայկական ակումբը քիչ մնաց կոլ նշանակէր 50-րդ վայրկեանին, երբ Զիտան Պանճանքիի գլխու հարուածը զսպեց… Ցելիէի բերդին սիւնը:
70-րդ վայրկեանին պրազիլցի Ֆրանսա Քարլոս, որ 59-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր Արթուր Սերոբեանը փոխարինելով, կրցաւ նշանակել Արարատի երկրորդ կոլը` Էտկար Գրիգորեանի փոխանցումէն օգտուելով:
Այս յաղթանակը պատմական էր հայկական ակմբային ֆութպոլին համար, որովհետեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով նախապէս որեւէ ակումբ չէր յաջողած հասնիլ եւ յաղթանակ արձանագրել Գ. հանգրուանին:
Նշենք, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 11 օգոստոսին, Սլովենիոյ մէջ, ապա յաղթական խումբը կը մրցի շուէտական Միալպի եւ Սլովաքիոյ ախոյեան Սլվան Պրաթիսլաւա ճակատումին վերջնական յաղթականին դէմ: Սլովան Պրաթիսլաւային մաս կը կազմէ Տիգրան Բարսեղեան: