Յայտարարութիւններ ( Օգոստոս 4 2026)

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին տոքթ. Վարդգէս եւ Նաթալի Արզումանեան եւ զաւակները` Ոսկան եւ Սեւան
Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Լալիկ Աւետեան եւ զաւակը` Արամ Լափոյեան
Տէր եւ տիկին Ռոնալտ եւ Հուրի Մալճեան եւ զաւակունք, Տէր եւ տիկին Ճիօ եւ Փաթիլ Մեսրոպեան-Մալճեան, Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Ռամելա Մալճեան-Հատաճեան, Տէր եւ տիկին Արազ եւ Արինա Մալճեան-Գասարճեան
Տէր եւ տիկին Օհան եւ Բալիկ Տէր Աբրահամեան եւ զաւակը` Գրիգոր, Տէր եւ տիկին Անտրու եւ Լիա Տէր Աբրահամեան-Միրզախանեան եւ դուստրը` Կալիա
Հանգուցեալ տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Վեհան Մահտէսեանի ընտանիք
Տիար Անդրանիկ Մահտէսեան եւ ընտանիք
Տիկին Մարի Բարսեղեան եւ ընտանիք
Տիկին Թագուհի Տեւեան
Տէր եւ տիկին Սեդրակ եւ Անուշ Մահտէսեան եւ ընտանիք
Տիար Արա Մահտէսեան
Տիկին Անայիս Շամլեան եւ ընտանիք
Արզումանեան եւ Մահտէսեան ընտանիքներ
Խալաֆ ընտանիք
Գարաօղլանեան եւ Աւետեան ընտանիքներ
Մալճեան եւ Տէր Աբրահամեան ընտանիքներ
Բարսեղեան ընտանիք
Իփճեան եւ Հալէպլեան ընտանիքներ
Սագաճեան եւ Շամլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, կեսրոջ, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ, եղբօր կնկան եւ հարազատին`

ՇԱՔԷ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱՀՏԷՍԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 16 յուլիս 2026-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 7 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 8 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Անթիլիասի կաթողիկոսարանի «Ոսկեբերան Արզումանեան» կրթական հիմնադրամին:

Leave a Comment