4 Օգոստոսի Պայթումի 6-Ամեակին Առիթով. Սալամ. «Արդարութեան Շուրջ Սակարկութիւն Չկայ, Նոյնիսկ Եթէ Երբեմն Ուշանայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ 4 օգոստոսի` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 6-ամեակին առիթով «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Արդարութեան շուրջ սակարկութիւն չկայ, նոյնիսկ եթէ երբեմն ուշանայ»:

«Գիտեմ ազգային վէրքի խորութիւնը, որ կը շարունակէ արիւնահոսիլ, եւ կը հասկնամ նահատակներու եւ զոհերու ընտանիքներուն կրած ցաւի մեծութիւնը: Սակայն օգոստոսի 4-ի պայթումի վեցերորդ տարելիցին առիթով կը կրկնեմ. արդարադատութեան հաշուոյն սակարկութիւն պիտի չըլլայ… նոյնիսկ եթէ անիկա երբեմն ուշանայ: Եւ թող ոչ ոք կասկածի` որեւէ պաշտօնատար, անկախ իր պաշտօնէն, պիտի չպաշտպանուի ո՛չ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի գործին մէջ, ո՛չ ալ որեւէ այլ դէպքի պարագային: Պատասխանատուութիւնը ոչ ոքի պիտի խնայէ», նշեց Սալամ:

«Հակառակ 4 օգոստոսի ողբերգութեան, յիշենք 5 օգոստոսը. այն օրը, երբ Պէյրութը յարութիւն առաւ իր ժողովուրդին հետ եւ Լիբանանի երիտասարդ կիներուն ու տղամարդոց հետ, որոնք եկած էին տարբեր շրջաններէն, բարձրացուցած աւերակները, աջակցած իրարու եւ քաղաքին յոյսը վերականգնած: Օգոստոսի չորսը թող մնայ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հաշուետուութեան օր, իսկ օգոստոս հինգը` Պէյրութի, յառաջընթացի եւ լիբանանցիներու համերաշխութեան ու միասնութեան օր», աւելցուց վարչապետը:

Leave a Comment