Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ դուրս կու գայ գործօն քաղաքականութենէն եւ կը լուծարէ իր ընդդիմադիր Ապագայի կուսակցութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երբեմնի մտերիմ դաշնակիցը պնդած է, թէ այլեւս չ՛ուզեր Թուրքիոյ «աղտոտուած քաղաքական մթնոլորտին» մաս կազմել:
«Էքս»-ի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Տաւութօղլու վկայակոչած է փտածութեան մեղադրանքներով ընդդիմադիր քաղաքապետներու բանտարկութիւնը, անոնց փոխարէն պետական կառավարիչներու նշանակումը` պնդելով, որ ատիկա խաթարած է ընտրողներու կամքը:
«Թուրքիան կարիք ունի հիմնարար քաղաքական բարեփոխումներու, ներառեալ վերադարձ խորհրդարանական համակարգին», գրած է ան:
Թուրքիան 2018 թուականին անցած է նախագահական կառավարման համակարգի, որ Էրտողանին կը տրամադրէ անհամեմատ լայն լիազօրութիւններ: