Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ իշխանութիւնները կը շարունակեն զիջումներու շարքը եւ կը խորացնեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ճգնաժամը` զանոնք ներքաշելով ամուլ հոլովոյթի մը մէջ, ուր պետութեան գերիշխանութիւնը, հայրենիքի եւ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը խոցող իրերայաջորդ զիջումներ կ՛արձանագրուին եւ կը բացայայտեն արտաքին հոգատարութեան նկատմամբ ստրկամտութեան ու հնազանդութեան չափը:
Պլոքը նշեց, որ նախագահի Ուաշինկթըն այցելութիւնը չկրցաւ բաւարարել որեւէ գերիշխան ազգային պահանջ, որովհետեւ անիկա չյանգեցուց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլի Լիբանանի տարածքէն հեռացման պարտաւորութեան, ո՛չ սպանութիւնները, ռմբակոծումներն ու քարշակներուն գործունէութիւնը դադրեցուց, ո՛չ ալ ապահովեց տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձը կամ մեկնարկեց վերակառուցման աշխատանքը:
Երեսփոխանական պլոքը յայտնեց, որ իշխանութիւններուն կողմէ վերջերս ձեռնարկուած ցուցադրական քայլերը չեն խաբեր լիբանանցիները` զանոնք նկատելով պատրանքներէն օգտուելու ակնյայտ փորձ, եւ նշեց, որ լիբանանեան բանակը ուժեղացուցած է իր տեղակայումը այն տարածքներուն մէջ, զորս թշնամին չէր կրցած գրաւել Դիմադրութեան մարտիկներու զոհողութիւններուն շնորհիւ, մինչդեռ իսրայէլեան բանակը դուրս չէ եկած որեւէ բռնագրաւուած տարածքէ: Փոխարէնը, կրակ բացած է Զաութար Ղարպիէ գիւղին մէջ գտնուող բանակային ստորաբաժանումներուն վրայ` բռնագրաւուած տարածքներ անոնց յառաջխաղացման պատրուակով:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը տեղի ունեցածը նկատեց նոր գայթակղութիւն իշխանութեան համար, որ ըստ պլոքին, շտապած է կեղծել փաստերը եւ զայն ներկայացնել այնպէս, կարծէք ատիկա թշնամիի նահանջի սկիզբն է: