Միացեալ Նահանգներու Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Միացեալ Նահանգներն Ու Սէուտական Արաբիան Հիւլէական Հարցով Գործակցութեան Համաձայնութիւն Ստորագրեցին»

Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Սէուտական Արաբիան ստորագրած են հիւլէական հարցով գործակցութեան համաձայնութիւն մը, ինչպէս նաեւ անոր ընկերակցող երաշխիքներու համաձայնութիւն մը, եւ երկու այլ համաձայնութիւններ, որոնք տասնամեակներու վրայ երկարող եւ միլիառաւոր տոլարներու արժէքով գործընկերութեան իրաւական հիմքերը կը ճշդեն:

Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութիւնը նշեց, որ երկու համաձայնութիւններուն նպատակն են ամրապնդել առաջնահերթութիւն եղող տնտեսական ու ռազմավարական շարք մը նպատակներ, ներառեալ հիւլէական զէնք չտարածելը:

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած էին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս հաւանութիւն տուած է Սէուտական Արաբիոյ հետ պատմական համաձայնութեան մը` թագաւորութիւնը օժտելու քաղաքային հիւլէական ծրագիրով մը, որ անոր հողերուն վրայ իւրանիոմի հարստացման ճամբան կը հարթէ:

Ամերիկեան օրաթերթին համաձայն, համաձայնութիւնը կ՛երկարի 30 տարուան վրայ, եւ անոր արժէքը կը գնահատուի տասնեակ միլիառաւոր տոլարներով:

Համաձայնութիւնը ամերիկեան ընկերութիւններու առանցքային դերակատարութիւն կը շնորհէ սէուտական հիւլէական ենթակառոյցներու զարգացման մէջ` հեռացնելով մնացեալ օտար մրցակիցները:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց. «Միացեալ Նահանգներու իւրանիոմի հարստացումով սէուտական հիւլէական քաղաքային ծրագիրի ստեղծման հաւանութեան մասին յայտարարութիւնները մտահոգիչ եւ չափազանց նեղացուցիչ են»:

«Սէուտական Արաբիոյ մէջ հիւլէական կայաններ ստեղծելու հաւանութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ հիւլէական զինարշաւ պիտի յառաջացնէ: Եգիպտոսը, Թուրքիան, Յունաստանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Քաթարը եւս պիտի փորձեն հիւլէական կայաններ կառուցել, եւ Միացեալ Նահանգները միակ արտածողը չեն, որովհետեւ Ֆրանսան, Ճափոնը, երկու Քորէաները եւ անշուշտ Ռուսիան եւ Չինաստանը կան, եւ այս պարագային Իսրայէլի վիճակը չափազանց վտանգաւոր է», նշեց օրաթերթը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիոյ հետ հիւլէական համաձայնութիւնը հաւանութեան պիտի արժանանայ, սակայն ատիկա այդ երկրին Աբրահամեան համաձայնութիւններուն միանալով պայմանաւորուած է»:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է. «Սէուտական Արաբիոյ Աբրահամեան համաձայնագիրներուն միանալը Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ուղղութեամբ տեսակարար ոստում մը պիտի ըլլայ»:

Leave a Comment