109 ՀՄԸՄ-ականներէ բաղկացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքի պատուիրակութիւնը 23 յուլիսին արդէն իսկ հասաւ Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին: «Երկար սպասումէ ետք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութիւնը դարձեալ հայրենի հողին վրայ է: Հայրենիքը մեզի միշտ նոյն ջերմութեամբ կը դիմաւորէ, իսկ մենք` նոյն սիրով ու խանդավառութեամբ կը վերադառնանք անոր գիրկը», կը նշուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Դիմատետրի էջին վրայ` Հայաստանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ պատուիրակութեան տպաւորիչ լուսանկարին կից:
Նախորդ օրերուն Լիբանանէն արդէն իսկ Հայաստան մեկնած էին 16 ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին «Արարատեան» կարգին:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ընդհանուր խմբապետ-խմբապետուհի, փոխխմբապետներ, 4 խումբերու խմբապետներ, արիներ, արենուշներ, երէցներ, պարմանուհիներ եւ մասնաճիւղերու սկաուտական կազմերուն մէջ գործող սկաուտներ` բոլորը բաժնուած 4 խումբերու:
Յայտնենք, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին պաշտօնական մեկնարկը պիտի տրուի այսօր` 24 յուլիսին, եւ անիկա պիտի տեւէ մինչեւ 2 օգոստոս 2026: «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ աշխարհի տարբեր շրջաններէ ժամանած մեծաթիւ ՀՄԸՄ-ականներ պիտի համախմբուին` միութեան դրօշին տակ, անոր նշանաբանով ամրապնդելու իրենց հաւատքը ՀՄԸՄ-ի սկզբունքներուն նկատմամբ, իրենց գիտելիքները գետնի վրայ գործի վերածելու եւ անմոռանալի յիշատակներ կերտելու: