Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Իրանը պատասխանատու պիտի նկատէ հուսիներու յարձակումներուն համար»` աւելցնելով. «Հուսիները վերսկսան իրենց արարքներուն, եւ անցեալ գիշեր սէուտական երկու նաւերու վրայ կրակեցին»:
«Հուսիները Իրանի գործակատարներ եւ ներկայացուցիչներ պիտի նկատենք, եթէ իրենց յարձակումները կրկնեն», նշեց ան` սպառնալով. «Եթէ յարձակումները կրկնուին Իրանն ու հուսիները զինուորական մեծ պատիժի պիտի ենթարկուին»: