Հենրիխ Մխիթարեան Կրնայ Շարունակել 2027-էն Ետք Ալ….

Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող ուսումնամարզական հաւաքի ժամանակ խօսած է նոր տարեշրջանի, ինչպէս նաեւ իր ապագային մասին:

Հայ ֆութպոլիստը վստահութիւն յայտնած է, որ ակումբը կրնայ կրկնել անցեալ տարուան յաջողութիւնները:

Տոնաուշինկենի մէջ ան հարցազրոյց ունեցած է լրագրողներու հետ եւ նշած, որ «Ներաձուրի»-ները կը շարունակեն մեծ նպատակներ հետապնդել:

«Մեր նպատակները մեծ են: Կը ցանկանք անգամ մը եւս ախոյեան, բաժակակիր եւ գերբաժակակիր դառնալ: Կարելի եղածին չափ ալ դրական արդիւնք տալ «Չեմփիընզ լիկ»-ին մէջ: Անոնք դժուար, բայց հասանելի նպատակներ են», ըսած է ան: Ան խօսած է ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը տարի մը եւս երկարաձգելու որոշումին մասին` ընդգծելով, որ տակաւին շատ բան ունի տալիք խումբին: «Ակումբի ղեկավարութեան հետ խօսեցայ Պոլոնիայի դէմ խաղէն ետք միայն, որմէ ետք իմ գնահատականներս տուի: Հասկցայ, որ կրնամ տարի մը եւս խաղալ հոս: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ ես պիտի աւարտեմ իմ ասպարէզս 2027-ին: Հիմա պէտք է կեդրոնանաք այս տարեշրջանին վրայ, իսկ ապագայի մասին կը մտածենք աւելի ուշ»:

Մխիթարեան նաեւ մեծ վստահութիւն յայտնած է գլխաւոր մարզիչ Քրիսթիան Քիվուի նկատմամբ` նշելով, որ անոնք մեծ ընտանիք մըն են, եւ մարզիչը կրնայ յաղթանակի մթնոլորտ փոխանցել խաղցողներուն:

«Ան նախորդ տարի արդէն ապացուցեց, թէ ինչի՛ ընդունակ է: Մենք անոր լիովին կ՛աջակցինք եւ կը ցանկանք միասին հասնիլ մեր նպատակներուն: Ինչ կը վերաբերի ինծի, ես այստեղ իմ խմբակիցներուս օգնելու, իմ յառաջացած տարիքովս, յոյսով եմ, որ անհատական առումով աւելի լաւ տարեշրջան կ՛ունենամ, քան նախորդը», աւելցուցած է ան:

 

 

Leave a Comment