Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս հաստատեց, որ ազգային հաւաքականը պիտի մասնակցի աշխարհի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ 27 յուլիսէն 2 օգոստոս:
Յունահռոմէական ոճի մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականը պիտի ներկայանայ ամբողջական կազմով` բոլոր 10 կշիռքներու մրցումներուն:
Ստորեւ` ըմբիշներու ցանկը.
45 քկ – Վազգէն Վարդանեան
48 քկ – Արարատ Աւետիսեան
51 քկ – Գէորգ Յարութիւնեան
55 քկ – Գեղամ Եղիազարեան
60 քկ – Արտուշ Պետրոսեան
65 քկ – Վազգէն Մնացականեան
71 քկ – Ջանէս Նազարեան
80 քկ – Վահէ Հովէեան
92 քմ – Խաչիկ Խաչատրեան
Պաքու կը մեկնին Հայաստանի Յունահռոմէական ոճի լաւագոյն երիտասարդ ըմբիշները: Վերջերս Հայաստանի հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան նուաճած էր 7 մետալներ` երկու ոսկի, երկու արծաթ եւ 3 պրոնզ:
Ազատ ոճի հաւաքականի կազմը մնացած է անփոփոխ: Հայաստանը, կը ներկայացնեն ազգային ախոյեանութեան երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւած վեց մարզիկներ.
51 քկ – Մուրատ Ղարիբեան
55 քկ – Դաւիթ Բազէեան
60 քկ – Գրիշա Գէորգեան
65 քկ – Էրիք Պապիկեան
71 քկ – Վարուժան Ասլանեան
80 քկ – Վաչէ Ասլանեան
Նախապէս Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը որոշած էր չմասնակցիլ աշխարհի ախոյեանութեան` Պաքուի մէջ կատարուելուն պատճառով, բայց Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը քանի մը օր առաջ հաղորդած էր, թէ Հայաստան միայն ազատ ոճի ըմբիշներով պիտի մասնակցի, եւ հրապարակած էր ըմբիշներու անուններ, որոնք նոյնիսկ Եւրոպայի ախոյեանութեան չէին մասնակցած: