Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան տարանցիկ բեռնափոխադրումները լայն թափ ստացած են: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Ազրպէյճանէն Հայաստան մատակարարուող քարիւղն ու նաւթամթերքը շատ կարեւոր ներդրում կ՛ունենան Հայաստանի ուժանիւթային անվտանգութեան գործին մէջ», ըսած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահը նշած է, որ Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան տարանցիկ բեռնափոխադրումները եւս լայն թափ ստացած են:
«Պատմական ժամանակաշրջան կ՛ապրինք: Ազրպէյճանը Հայաստանին խաղաղութիւն առաջարկած է եւ դրական պատասխան ստացած: Մենք բարձր կը գնահատենք այս ոլորտին մէջ Գերմանիոյ կառավարութեան դերը», աւելցուցած է Ալիեւ:
Գերմանիա–Ազրպէյճան Ռազմավարական Համաձայնագիր
Ալիեւի Գերմանիա պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Պաքուն եւ Պերլինը «Երկկողմանի համագործակցութեան ռազմավարական օրակարգի մասին» հռչակագիր ստորագրած են: Փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրած են Ալիեւն ու Մերցը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը փոխանցէ, թէ ազրպէյճանական աղբիւրները կը հաղորդեն. «Փաստաթուղթը պիտի ամրագրէ Ազրպէյճանի եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը»:
Գերմանիան եւ Ազրպէյճանը երէկ նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցած են երկկողմանի Գործարար խորհուրդի ստեղծման շուրջ: