Ապտալլա. «Խորհրդարանի Նիստերը Պոյքոթի Ենթարկելը Լուծում Մը Չէ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա յայտնեց. «Խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելը որեւէ դիրքորոշման կամ ընդդիմութեան համար լուծում մը չէ»:

«Մենք` իբրեւ Ժողովրդավարական հանդիպում, պիտի շարունակենք դէմ ըլլալ սահմանադրական հաստատութիւններու, նախ եւ առաջ խորհրդարանը պոյքոթի ենթարկելու սկզբունքին», ըսաւ երեսփոխանը:

«Զօրակցեցանք եւ կը զօրակցինք արդար եւ յստակ համաներման օրէնքի մը` բանտերու խճողուածութեան հարցը լուծելու եւ հարիւրաւոր բանտարկեալներու նկատմամբ անիրաւութիւնը վերցնելու նպատակով», ըսաւ ան:

«Կա՛մ արդար ու համապարփակ օրէնք մը կ՛ըլլայ, կա՛մ ալ օրէնք չ՛ըլլար», շեշտեց Ապտալլա:

Leave a Comment