Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի նախագահի աշխատակազմի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյրի հետ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին Շուքէյր շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան, ներառեալ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման համար:
Բարձր գնահատելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները` Կոստանեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը` շարունակելու աջակցիլ բարեկամ Լիբանանին` նպաստելով երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական իրավիճակի մեղմացման:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահներու աշխատակազմերուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման` ընդգծելով այդ համագործակցութեան հաստատութենական ամրապնդման եւ անհրաժեշտ իրաւապայմանագրային հիմերու ձեւաւորման կարեւորութիւնը: