Եթէ սպառնալիքները շարունակուին, վերջնական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւնները պիտի չսկսին: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:
«Միլիոնաւոր հպարտ իրանցիներ միասնաբար հաւաքուած են` յարգանքի տուրք մատուցելու մեծ այաթոլլա Խամենէիին եւ անոր ժառանգութեան: Ո՛չ զանոնք, ո՛չ ալ մեր քաջարի զինեալ ուժերը կարելի չէ շեղել որեւէ սպառնալիքով:
«Փոխըմբռնման յուշագիրի 13-րդ կէտը յստակ է. եթէ սպառնալիքները շարունակուին, վերջնական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւնները պիտի չսկսին: Յարգեցէ՛ք ձեր ստորագրութիւնը», գրած է Արաղչի:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Իրանի հետ կա՛մ համաձայնագիր պիտի կնքուի, կա՛մ Միացեալ Նահանգները իրենց սկսած գործը պիտի աւարտեն:
«Մենք կա՛մ համաձայնագիր պիտի կնքենք, կա՛մ ասիկա պիտի աւարտենք, լա՞ւ: Եւ ասոր վերջ տալը դժուար պիտի չըլլայ: Ես կը նախընտրեմ համաձայնագիր կնքել, որովհետեւ չեմ ուզեր 91 միլիոն մարդու շահերուն վրայ ազդել: Մենք կրնանք մէկ ժամուան մէջ ոչնչացնել անոնց կամուրջները», ըսած էր Թրամփ: