Մոնտիալէն Լուրեր. Շլոթերպեք Եւ Ռաֆինիա Վիրաւորուեցան

Իրենց վերջին մրցումին, Պրազիլի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբերու լաւագոյն մարզիկներէն Ռաֆինա եւ Նիքօ Շլոթերպեք վիրաւորուեցան:

Պարսելոնայի յառաջապահ Ռաֆինիա Պրազիլի ազգային խումբին հետ Հայիթիի մրցումին վիրաւորուած էր, ան շատ հաւանաբար բացակայի Սկովտիոյ դէմ մրցումէն եւ պատրաստ ըլլայ Բ. հանգրուանին:

Գերմանիոյ լաւագոյն պաշտպաններէն Նիքօ Շլոթերպեք վիրաւորուեցաւ Փղոսկրեայ Ափունքի դէմ մրցումին եւ շատ հաւանական է, որ մինչեւ Մոնտիալի աւարտը չհասնի ապաքինելու:

Պրազիլցի Նէյմար Մոնտիալէն առաջ վիրաւորուած ըլլալով տակաւին չէ մասնակցած Պրազիլի ազգային խումբի խաղերուն, բայց շատ հաւանական է, որ մասնակցի յաջորդ հանգրուանի մրցումներուն:

Գերմանիոյ կողմէն Լենարտ Քարլ, որ Մոնտիալի նախօրեակին վերջին երկու փորձ մրցումներուն փայլած էր եւ ինքզինք փաստած իբրեւ հիմնական մարզիկ, զոհած փորձի պահուն վիրաւորուած եւ մկանը պատռած էր` դուրս մնալով Մոնտիալէն:

Պելճիքայի ազգային խումբի ծայրի յառաջապահ Ժերեմի Տոքու բուռն քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի, մանաւանդ երբ քանի մը օր առաջ առաջարկած էր վերադառնալ Պելճիքա` ներկայ ըլլալու իր կնոջ ծննդաբերութեան:

Մանաւանդ համակիրները կոշտ քննադատութեան ենթարկած էին Տոքուն` ըսելով, թէ ազգային խումբը ամէն ինչէ վեր պէտք է ըլլայ:

Ֆրանսացի լրագրող մը` Ֆրանս Փիերօ խստօրէն քննադատած էր Տոքուն: «Ասիկա քիչ մը կը վրդովեցնէ զիս: Ես կին եմ, բայց ասիկա չեմ կրնար հասկնալ: Պէտք է գիտակցիլ, որ Մոնտիալին մասնակցիլը բացառիկ առիթ է, եւ հարիւրաւոր ֆութպոլիստներ մարդ կը սպաննէին քու տեղդ ըլլալու համար: Կրնայ ըլլալ, որ այս առիթը անգամ մը եւս չկրկնուի: Դուն ամէն ինչ պատրաստ ես ձգել զաւկիդ ծնունդին ներկայ ըլլալու համար: Քու զաւակդ միշտ կողքիդ կրնայ ըլլալ: Պէտք չէ մոռնալ այն համակիրները, որոնք շատ բան զոհած են ներկայ գտնուելու քու խաղերուդ ներկայ ըլլալու, մինչ դուն այդ ամէնը կ՛անտեսես»:

 

Leave a Comment