Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ «Մաշհատ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դժգոհութիւն յայտնած է ներկայիս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողին նկատմամբ, խօսած է պատերազմը դադրեցնելու եւ լուծումի որոնման մէջ Սուրիոյ դերակատարութեան մասին:
Շարհ նշեց, որ ատիկա այնպէս հասկցուած է, թէ Սուրիան Լիբանանի մէջ պիտի միջամտէ` աւելցնելով, որ Թրամփ լուծում կ՛որոնէ, եւ Դամասկոս կրնայ պետութեան ու լիբանանեան հաստատութիւններու ճամբով դրական դերակատարութիւն ունենալ:
«Սուրիացի ժողովուրդը լիբանանցի ժողովուրդին նման տառապեցաւ նախկին վարչակարգէն, ուստի մենք լուծումին մաս կը կազմենք, եւ ոչ թէ` տառապանքին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սուրիոյ նախկին վարչակարգին փոփոխութիւնը դրական էր շրջանի բոլոր պետութիւններուն համար, սակայն լիբանանեան կարգ մը կողմեր անցեալին գերին էին»:
«Լիբանան մեծ պատերազմի կ՛ենթարկուի, ինչ որ անդրադարձ կ՛ունենայ սուրիական իրականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Պեքայի շրջանին մէջ Լիբանան-Սուրիա սահմաններուն վրայ Հըզպալլայի ուժերու տեղակայում գոյութիւն ունի», ըսաւ Սուրիոյ նախագահը` նշելով, որ սուրիական պատկերացումը հիմնուած է այն հիման վրայ, թէ լուծումը տեւական ռմբակոծման ճամբով չըլլար` «սուրիական մօտեցումին համաձայն լուծումը, լուծումներու ծրարի մը ճամբով կ՛ըլլայ, եւ ոչ թէ միայն զինուորական լուծումի ճամբով»:
«Մեր կարծիքով, պատերազմը պէտք է դադրի, եւ պէտք է քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տարբեր լուծումներ ըլլան, սուրիական, լիբանանեան եւ իսրայէլեան մտավախութիւնները փարատող կարգ մը քայլերու կողքին», աւելցուց Շարհ:
«Լիբանան կը տառապի իր դաշնակից երկիրներու անտարբերութենէն կամ հետաքրքրութեան բացակայութենէն, եւ Լիբանանի նկատմամբ տեսակէտի անկում կայ. անիկա միայն իբրեւ անվտանգութեան հարց կը դիտուի», բացատրեց ան` աւելցնելով. «Մենք կ՛առաջարկենք բոլորովին այլ մօտեցում լուծումներու միջոցով, որոնք լիբանանեան տարբեր ուժերուն վստահութիւն կը ներշնչեն, եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ համար որոշ երաշխիքներ կան: Մեր առաջարկը լիբանանեան պետութեան ու լիբանանեան հաստատութիւններու ճամբով է»:
«Ամօթ չեմ տեսներ, եթէ պետութիւն մը իր խնդիրներու լուծման համար այլ պետութեան մը դիմէ: Սուրիան մեծ խնդիրներ ունէր, եւ շարք մը այլ պետութիւններու դիմեցինք», նշեց ան:
«Լիբանանի կացութիւնը հասարակաց լուծումներու կարիք ունի, եւ լուծումի ապահով հոլովոյթի որոշման մէջ կարելի է Սուրիոյ վստահիլ, սակայն ատիկա պատերազմ կամ սուրիական հոգատարութեան նախկին պատկերի վերադարձ չի նշանակեր, այլ պետութեան վերստին աջակցութիւն, անոր հաստատութիւններու հզօրացում եւ անոր մէջ գործող կողմերուն ու ուժերուն միջեւ, ներառեալ Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան կապերու որոնում, որովհետեւ մասնակի լուծումները խնդիրներ կը պարունակեն», յայտնեց Սուրիոյ նախագահը:
Պատասխանելով սուրիական բնորդի մասին իրերայաջորդ խօսակցութիւններու մասին հարցումի մը` Շարհ ըսաւ, որ տակաւին կանուխ է սուրիական բնորդը գնահատելու, հակառակ մեծ արագութեամբ առաջին մեծ խոչընդոտներու շրջանցման` նշելով, որ Լիբանան նոյն առիթը ունէր, եւ իր կարծիքով, լիբանանեան ներքին բարդ կացութիւնն ու ռազմավարական տեսլականի բացակայութիւնը պատճառ դարձան առիթը կորսնցնելու:
Ան ըսաւ, որ ներկայ պաշտօնատարներէն ոչ ոք կարելի է այս կացութեան համար այպանել, սակայն նշեց, որ Լիբանան տակաւին առիթ ունի` սովորամոլականներէն դուրս գաղափարներու ճամբով ներկայ ճգնաժամէն դուրս գալու:
Շարհ նշեց. «Հըզպալլայի զէնքի թղթածրարը ճիշդ մօտեցումի կարիք ունի, եւ անիկա խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումին մէջ պետութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարած է»:
Պատասխանելով Հըզպալլայի հետ մէկ սեղանի շուրջ նստելու կարելիութեան վերաբերեալ հարցումի մը` Շարհ ըսաւ. «Արգելք չկայ, եթէ ատիկա ի շահ Լիբանանի է եւ Սուրիոյ շահերը կ՛ապահովէ»: