Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւնները համաձայնած են բանալու Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու առաջին փուլը: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն:
«Երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք առաջին միջկառավարական խորհրդաժողովին մենք պիտի բանանք Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի հիմք եղող հիմնարար սկզբունքներուն նուիրուած պլոքը: Ասիկա կը ներառէ Եւրոպական Միութեան կառուցուած հիմնական արժէքներն ու սկզբունքները` օրէնքի գերակայութենէն մինչեւ ուժեղ ժողովրդավարական հաստատութիւններ: Ասիկա կը ճանչնայ երկու երկիրներու կողմէ բարեփոխումներու յառաջխաղացման գործին մէջ ցուցաբերուած վճռականութիւնը, քաջութիւնը եւ քրտնաջան աշխատանքը` հակառակ հսկայական մարտահրաւէրներուն: Եւ ասիկա ազդանշան է, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ խաղաղութեան, կայունութեան եւ կարելիութիւններու առաջարկը անգերազանցելի է:
«Ընդլայնումը ռազմավարական ընտրութիւն է: Մեր երկիրները միաւորելով` մենք կ՛ամրապնդենք մեր ցամաքամասին վրայ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ բարգաւաճումը: Աճող անորոշութեամբ բնութագրուող աշխարհի վրայ Եւրոպական Միութեան ընդլայնումը մեր հասարակաց շահերէն կը բխի:
«Ընդլայնումը կը մնայ Եւրոպական Միութեան ամէնէն յաջող նախագիծերէն մէկը, եւ մեր հասարակաց ապագայի լաւագոյն ներդրումը», նշած է ան: