Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր մերժեց այն գաղափարը, թէ իբրեւ վարչապետ կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը:
Մինչ կը սպասուի, որ անոր մրցակիցները յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն ընթացքին պիտի ջանան զինք փոխարինել, Սթարմըր ըսաւ, որ պիտի պայքարի իր պաշտօնը պահպանելու համար` աւելցնելով, որ ոեւէ մէկը, որ կ՛ուզէ զինք փոխարինել, պիտի ստիպուի ֆինանսական նոյն սահմանափակումներուն հետ գործ ունենալ:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հիլի հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն` նոր հարուած մը հասցնելով երկրի վարչապետին տկարացած իշխանութեան` զինք ամբաստանելով երկիրը ապահով պահելու համար անհրաժեշտ յատկացումներ չկատարելու յանցանքով: Անոր օրինակին հետեւեցաւ զինեալ ուժերու հարցերու նախարար Ալ Քառնզը:
«Պիտի չհեռանամ», «Պի.Պի.Սի.»-ին ըսաւ Սթարմըր:
«Արտօնեցէ՛ք ձեզի յստակացնել. ասիկա անձնական սնապարծութիւն չէ, ասիկա յամառութիւն չէ, ասիկա պարտաւորութեան խոր զգացումէ կը բխի: Ես ընտրուած եմ, հակառակ դժուար հանգամանքներուն, այս երկրին ծառայելու: Ահա ատիկա է, որ կ՛ընեմ», նշեց ան: