Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ամերիկեան կողմին հետ ղեկավարած բանակցութիւնները Լիբանանի գերիշխանական դիրքը պաշտպանելու եւ զայն հակամարտող առանցքներու շրջանակէն հեռացնող բանակցային հոլովոյթ մը բացաւ: Ան այս մասին յայտնեց սէուտական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:
«Լիբանան կ՛ողջունէ միջազգային կամ շրջանային որեւէ աջակցութիւն, պայմանով, որ լիբանանեան պետութեան իշխանութեան ամրապնդման ու բանակի աջակցութեան ծառայէ եւ զայն կարող դարձնէ իր իշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելու», ըսաւ ան:
Նախարարը նաեւ մատնանշեց նախագահ Աունի կողմէ դիւանագիտական ջանքերու զօրաշարժի ենթարկումը` վերատիրանալու Լիբանանի բռնագրաւեալ տարածքներուն եւ վերականգնելու երկրին բոլոր գերիշխան իրաւունքները` Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ բանակցութիւններու միջոցով` հաշուի առնելով, որ բանակցութիւնը կը մնայ պատերազմները դադրեցնելու միակ ուղին, ինչպէս ըսաւ նախագահը` բացատրելով հարցի պատասխանի ծիրին մէջ առաջարկուող նոր մեքանիզմը, որ կը նախատեսէ բռնագրաւեալ տարածքներէն Իսրայէլի փուլային հեռացում: