Դպրեվանեան կեանքը ունի իր կանոնաւոր առօրեան եւ կ՛առաջնորդուի յատուկ ժամանակացոյցով: Այլ խօսքով, դպրեվանքի մէջ իւրաքանչիւր օրուան արդիւնաւէտ ընթացքը յատուկ ժամերու վրայ բաժնուած է, առտուան զարթնումէն մինչեւ քնանալու պահը: Դպրեվանեցին առաջին իսկ օրէն կը ծանօթանայ ժամանակացոյցին եւ ըստ այնմ կը գիտնայ, թէ իւրաքանչիւր զանգ ի՛նչ ընելու «կանչ» մըն է: Եւ որպէսզի դպրեվանեցին կարենայ պատրաստուիլ եւ ճիշդ ժամուն ներկայանալ, բուն զանգէն հինգ վայրկեան առաջ կը հնչեն երեք իրերայաջորդ զանգեր, որոնք դպրեվանեցիին կը յուշեն մօտալուտ զանգը: Ուշանալը ընդունելի չէ, բացի եթէ արդարացնող պատճառ մը կայ, որուն համար տուեալ աշակերտը պէտք է ներկայանայ օրուան հսկիչ հայր սուրբին եւ պարզաբանէ իր ուշացումին պատճառը:
Ժամանակը դադար չգիտցող հոսանք մըն է, որուն կ՛ենթարկուինք բոլորս` կամայ թէ ակամայ: Այս իմաստով, յայտնի ասացուածք է` «Ժամանակը ոսկի է» խօսքը: Սակայն ժամանակին «սղութիւնը» կամ արժէքը կը կայանայ հո՛ն, երբ տուեալ անձը իմաստալից գործով կամ օգտակար զբաղումով կը լեցնէ զայն: Այլապէս, ժամանակը սանձ չճանչցող «ձի» մըն է: Նոյն այս գիտակցութեամբ է, որ դպրեվանեան կեանքը ունի դասաւորուած ժամերու շարք մը, որպէսզի դպրեվանեցիին առօրեան լաւապէս կազմակերպուի, եւ ան հասկնայ ժամանակին արժէքը եւ զայն իմաստաւորէ արդիւնաւէտ աշխատանքով:
Երբ ժամանակի հասկացողութեան կ՛անդրադառնամ, կը յիշեմ մեր Փրկիչին պատմած գեղեցիկ եւ հետաքրքրական առակներէն մէկը, որ կը վերապրինք տարին մէկ անգամ, եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ մը: Անիկա տասը կոյսերուն առակն է, որոնցմէ հինգը յիմար կը գտնուին, իսկ միւս հինգը` իմաստուն: Շատերու համար յստակ է այս առակին պատգամը, որ մեզի կը թելադրէ` արթուն մնալ, պատրաստ ըլլալ եւ սպասել Քրիստոսի գալուստին: Սակայն առակին մէջ նաեւ կայ հետաքրքրական պատահար մը, ուր փեսան կ՛ուշանայ: Փեսային ուշանալը միայն այս առակին համար նշուած իրականութիւն մը չէ. անոր կարելի է հանդիպիլ միջինարեւելեան հարսանիքներու ընթացքին, երբ փեսային կամ հարսին ուշանալը սովորական երեւոյթ է:
Միջինարեւելեան շրջանակներէ եւ տարբեր ընտանիքներէ ու կարգապահական տարբեր ըմբռնումներէ եկող դպրեվանեցիները դպրեվանքի մէջ կը մտնեն տարբեր հունի մէջ, ուր ժամ յարգելը պարտադիր է եւ արդար վերաբերումի ու վարուելակերպի երաշխիք է: Ժամն ու ժամանակը յարգելը դիմացինը յարգելու արտայայտութիւն մըն է նաեւ, որուն կազմաւորումը սկիզբ կ՛առնէ դպրեվանքի կեանքի առաջին իսկ օրէն: Հո՛ն է, որ կարգապահութեան հիմքը կը դրուի իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի կեանքին մէջ: Ժամանակի ճիշդ օգտագործումը ճիշդ եւ արդար վարմունքի խթանը կը հանդիսանայ: Այս իմաստով, երբ դպրեվանեցին կը տեսնէ, որ դպրեվանեան առօրեան հաւասար կերպով բաժնուած է եկեղեցւոյ, աղօթքի, դասի, ճաշի, խաղի, դասախօսութիւններու եւ այլ ձեռնարկներու միջեւ, ան կ՛անդրադառնայ, թէ ամէն բան ունի իր յատուկ ժամանակը, որ պէտք է յարգել: Այլ խօսքով, ան կը սորվի հաւասարակշռել իր կեանքը եւ առօրեայ ընելիքները:
Դպրեվանքի մէջ, մինչեւ աւարտական դասարան, տեսչութիւնն է, որ կը ճշդէ դպրեվանեցիին առօրեայ ժամանակացոյցը: Աւարտելէ ետք դպրեվանեցիները իրենց ոճով եւ փորձով պիտի գտնեն առօրեան կազմակերպելու ձեւը: Հո՛ն է, որ դպրեվանեցին պիտի տեսնէ, թէ դպրեվանեան ոգին եւ անոր կազմակերպուած առօրեան ամրօրէն կերտած է իր անձը: Ուրեմն ժամանակը կարգաւորելը, ժամը յարգելն ու զայն իմաստաւորելը պիտի ապահովեն իր եւ իրեն վստահուած ծառայական դաշտին յաջողութիւնը:
