Լիբանանեան իշխանութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ առնուազն 9 հոգի սպաննուած են եւ 5 ուրիշներ, ներառեալ երկու զինուորներ վիրաւորուած` հարաւային Լիբանանի շարք մը շրջաններու վրայ կատարուած իսրայէլեան օդային յարձակումներուն պատճառով:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ երկու զինուորները վիրաւորուած են, երբ Հապպուշ-Տէյր Զահրանի ճամբուն վրայ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուած են:
Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը յայտարարեցին, որ Սայտա գաւառի Մարուանիէ գիւղին մէջ յարձակումի ենթարկուած բնակուած շէնքէ մը 6 զոհեր եւ 3 վիրաւորներ դուրս բերած են:
Իսրայէլեան բանակը երէկ զգուշացուց Նապաթիէ քաղաքի բնակիչները, թէ պէտք է զայն դատարկեն:
Իսրայէլեան բանակը Նապաթիէ նահանգի տարբեր շրջաններու վրայ օդային շարք մը յարձակումներ գործեց: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Պընթ Ժպէյլ գաւառի շարք մը գիւղերու վրայ:
Նախագահ Ժոզեֆ Աուն ըսաւ, որ Լիբանան պատերազմին վերջ տալու համար բանակցութեան այլընտրանքը չունի` նշելով, որ պետութեան պատասխանատուութիւնը կը պարտաւորեցնէ, որ ան քաղաքայինները պաշտպանելու համար գործէ:
«Ուժը պատերազմ մղելուն մէջ չէ, այլ զայն բանակցութեան ճամբով աւարտելու քաջութիւնն ու իմաստութիւնը ունենալուն մէջ է», շեշտեց նախագահը` աւելցնելով, որ Լիբանանի շահը ամէն նկատառումէ վեր կը մնայ:
Աուն նախանձախնդրութիւն յայտնեց քաղաքացիական խաղաղութեան, ներքին կայունութեան եւ սադրանքի կանխարգիլման նկատմամբ:
Ան շեշտեց, որ սադրանքը կրնայ Լիբանանի գոյութիւնը վտանգել, եւ «ան, որ զայն կը հրահրէ, Իսրայէլին ծառայութիւն կը մատուցէ»:
Իսրայէլին պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց սպառնաց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակում գործել, եթէ հիւսիսային Իսրայէլի վրայ յարձակումները շարունակուին:
Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնները բոլոր պայմաններուն մէջ կը շարունակուին: