Երէկ տիւրզի համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողով մը` մասնակցութեամբ բոլոր համայնքներու հոգեւոր պետերը: Այլ հոգեւոր պետերու կարգին, յիշեալ վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ Շահէ արք. Փանոսեան:
Վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Լիբանանցիները կը կազմեն ազգային մէկ ընտանիք, որ միաւորուած է հասարակաց ճակատագիրով, եւ անոնք բոլորը առնչակից են իրենց երկիրը իր սեփական ուժերով յարձակումը ետ մղող պատասխանատու պետութեան ծիրին մէջ պաշտպանելուն»:
«Յարձակումի դիմակայումը կը պահանջէ հաստատ եւ խոր ազգային միասնականութիւն, որ արմատացած է գոյացութեանը մէջ պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն, եւ անոնցմէ կը բխի ազատ եւ համապարփակ ազգային որոշումը», նշեց հաղորդագրութիւնը:
«Ազգային ճշգրիտ պատկանելիութիւնը կը պահանջէ մերժել որեւէ գործողութիւն կամ յայտարարութիւն, որ կրնայ ազգային միասնութիւնը մասնատման ենթարկել», յայտնեցին ժողովին մասնակից հոգեւոր պետերը` նշելով. «Իսրայէլացի թշնամիին կողմէ Լիբանանի որոշակի տարածքներու սպանութիւններով, տեղահանութեամբ եւ բռնագրաւումով թիրախաւորումը չի նշանակեր, որ միւս տարածքները անվտանգութիւն կը վայելեն»:
Ժողովը «եղբայրական պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն» կոչ ուղղեց «Լիբանանի կողքին կանգնելու` օժանդակելով վնասուածներուն, տեղահանուածներուն եւ նպաստելով վերաշինութեան»:
Ժողովի մասնակիցները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին պետութեան` «Լիբանանի իրաւունքները պահպանող լուծումներու անոր որոնման եւ համապարփակ զինադադարի հաստատման ժրաջան աշխատանքին մէջ»:
Անոնք կոչ ուղղեցին «ամրապնդելու հայրենիքի նկատմամբ հաւատարմութեան եւ բանակի աջակցութեան վրայ յոյս դնելու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ ընդգծելու կրօններն ու կրօնական խորհրդանիշերը յարգելու եւ անոնց դէմ ուղղուած որեւէ վիրաւորանք մերժելու անհրաժեշտութիւնը»: