Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 28 մայիս 2026-ի երեկոյեան, Մըզհեր-Ծաղկաձորի «Մայիս 28» փողոցին վրայ գտնուող Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ մայիսեան ձեռնարկ մը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 108-ամեակին:
Ձեռնարկին մասնակցեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղն ու «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբը, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղը եւ Համազգայինի «Տամիտոմ» տհոլահարներու համոյթը: Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով հայրենակիցներ, կուսակցական, միութենական եւ երիտասարդական ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբի կատարումներով, որոնք ազգային ու յեղափոխական մթնոլորտ ստեղծեցին հրապարակին վրայ: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն կողմէ` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտած հերոսներուն:
Հանդիսութեան ընթացքին հնչեցին ազգային երգեր, որմէ ետք կոմիտէին անունով խօսք առաւ Մարիա Կիրակոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ մայիս 28-ը միայն պատմական յիշատակ չէ, այլ` շարունակուող պատասխանատուութիւն եւ պայքարի ուխտ: Ան յիշեցուց, որ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերը հայ ժողովուրդի գոյութեան սահմանը դարձան, եւ ընդգծեց, որ այսօր եւս հայութիւնը կանգնած է գոյութենական մարտահրաւէրներու դիմաց:
Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդի մեծագոյն ուժը իր միասնականութիւնն է` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, եւ կոչ ուղղեց նոր սերունդներուն` կառչած մնալու ազգային արժէքներուն, պայքարի կամքին ու հաւատքին: Մ. Կիրակոսեան իր խօսքը եզրափակեց մայիսեան յաղթանակները վերածելով նոր ուխտի` հայրենիքի պաշտպանութեան, ազգային իրաւունքներու պահպանման եւ համազգային վերածնունդի:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինը սկսաւ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի անդամներուն հայկական պարով, որ արժանացաւ ներկաներուն ջերմ գնահատանքին: Ապա ներկայացուեցաւ խորհրդանշական նամակ մը` ուղղուած Արամ Մանուկեանին, ուր կ՛արտացոլային մեր օրերու ցաւերը, պայքարը եւ ազգային տագնապները:
Յատուկ տպաւորիչ բաժին մը հանդիսացաւ «Մայիսեան հերոսներու ձայները» խորագիրով ներկայացումը, որուն ընթացքին պատանիները մարմնաւորեցին Արամ Մանուկեանը, Դրոն, Գարեգին Նժդեհը եւ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը` փոխանցելով մայիս 28-ի հերոսական ոգին եւ պայքարի պատգամը:
Օրուան բանախօսն էր Զաքար Քէշիշեան: Իր բովանդակալից եւ գաղափարական խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհուրդին, սփիւռքահայ սերունդներու ազգային հաւատքին եւ այսօրուան ազգային մարտահրաւէրներուն: Ան ընդգծեց, որ հայութիւնը այսօր կանգնած է նոր սարդարապատեան փուլի մը դիմաց` ազգային յիշողութեան, ինքնութեան եւ միասնականութեան պահպանման հրամայականով:
Զ. Քէշիշեան շեշտեց, որ ազգը հետզհետէ կը հեռանայ իր ազգային արմատներէն, կը նահանջէ ազգային արժէքներէն եւ կը գտնուի հոգեւոր ու գաղափարական վտանգաւոր թուլացման ընթացքի մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հայաթափման, ազգային պառակտումներուն եւ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` կոչ ուղղելով վերակերտելու ազգային յիշողութիւնը եւ վերագտնելու հայուն ինքնութիւնը:
Ան իր խօսքը եզրափակեց յոյսի եւ պայքարի պատգամով` շեշտելով, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հիմքն է ապագայ միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանին, եւ թէ` միայն հաւաքական հայրենասիրական ոգիով ու ազգային գիտակցութեամբ կարելի է կերտել հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի «Տամիտոմ» տհոլահարներու համոյթը, որ ազգային շունչով լեցուց հրապարակը: Ապա երգիչ Ղազար Քէօշկէրեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին եւ Վահէ Սիմոնեանին, կատարեց ազգային եւ յեղափոխական երգեր, որոնք ոգեւորեցին ներկաները:
Ձեռնարկը փակուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, որուն ընթացքին ներկաները յոտնկայս միացան ազգային երգին:
Մայիս 28-ի այս հանդիսաւոր ձեռնարկը անգամ մը եւս վերածուեցաւ ազգային ու յեղափոխական ոգիի վերահաստատման, հայրենասիրական ուխտի եւ նոր սերունդներուն ազգային գիտակցութիւն փոխանցելու հզօր առիթի:

