Իզէտտին. «Քաղաքական Իշխանութիւնները Կարիքը Ունին Իրենց Հաշիւները Վերատեսութեան Ենթարկելու»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին նշեց. «Գիւղէ գիւղ եւ քաղաքէ քաղաք անցնող ռմբակոծման, քանդման, ականահարման, յարձակումի եւ սպանութեան իսրայէլեան բեմագրութեան վերջինը Տէյր Քանուն Նահր գիւղին մէջ թշնամիին գործած ջարդն էր, որուն զոհ գացին 13 քաղաքայիններ, որոնցմէ 9-ն` մէկ ընտանիքէ, անոնց շարքին կիներ ու մանուկներ եւ չորս սուրիացիներ: Տուժածներուն մէջ կային նաեւ երկու վիրաւորներ»:

«Թշնամիի այս սանձարձակութեան եւ իր բոլոր յանձնառութիւնները եւ միջազգային ու մարդասիրական օրէնքները չյարգելուն դիմաց, այս քաղաքական իշխանութիւնը, որ կը շարունակէ յամառօրէն պնդել ուղղակի բանակցութիւններ վարելու եւ իր նուաստացուցիչ ու ենթակայութեան ընտրանքներուն վրայ յամառելու վրայ` ընդունելով թշնամիի ազգային գետնի վրայ մերժուած պայմաններն ու թելադրանքները, պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր հաշիւները եւ վերադառնայ անուղղակի բանակցութիւններուն, իր ժողովուրդի ու անոր ազգային ընտրանքներուն, եւ ուղղակի բանակցութիւնները դադրեցնէ մինչեւ որ թշնամին համաձայնի զինադադարին:

«Հակառակ պարագային, անիկա ինքզինք պիտի դնէ քաղաքական լուրջ կացութեան մը մէջ, որ միայն սիոնական թշնամիի շահերուն կը ծառայէ եւ կ՛անտեսէ Լիբանանի իրաւունքներն ու ազգային սկզբունքները», նշեց երեսփոխանը:

Leave a Comment