Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր` 68-59

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը շարունակեց փետրուարին կիսատ մնացած ախոյեանութեան մրցումները եւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Ազուրի դէմ` 68-59 արդիւնքով:

Առանց օտար մարզիկներու, երկու խումբերն ալ իրենց կարելին ըրին, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը քիչ մը շատ թըրնօվըր կատարեց, բան մը, որ վստահաբար կեդրոնացումի պակասին պատճառով էր: Սպասելի բան մը, երբ խումբը խաղաոճ մը կը կիրարկէր 2 օտարներու հետ, եւ այժմ առանց օտարներու բոլորովին տարբեր ոճ մը կը կիրարկէ, եւ պէտք է շատ արագ շաղուինք այս փոփոխութիւններուն հետ:

Ռիմ Ղալի եւ Ամար Մանսուր շատ լաւ ելոյթներ ունեցան, մինչ Մեղրի Թորոսեան եւ Էլիսա Ապու Ժաուտէ իրենց կարգին բաւական լաւ էին Փերլա Պու Նասրի կողքին: Ռիմ 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ամար Մանսուր 12 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց:

Մեղրի Թորոսեան 15 կէտ նշանակեց, իսկ Էլիսա Ապու Ժաուտէ 9 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 2 պլոք կատարեց:

Կապրիէլա «Կապի» Սաատ 8 կէտ նշանակեց եւ 4 ռիպաունտ կատարեց, իսկ Փերլա Պու Նասր` 6 կէտ եւ 10 ռիպաունտ:

Թալա Շամմաս 2 կէտ նշանակեց Ազուրի դէմ, որուն աստղն էր Զէյնա Էլիաս: Վերջինս 23 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներ Փաթիլ Ասատուրեան (11 կէտ) եւ Եաշա Զէյնուն (10 կէտ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան:

Ռիատի 85-48 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էն. Էս. Էյ.-ը: Ռեպեքքա Աքըլ 30 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Չորեքշաբթի օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի ըլլայ հիւրը Անդրանիկի, որ 84-58 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Պէյրութ Ֆըրսթէն:

Leave a Comment