Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս վարչապետարանին մէջ նախարարական հերթական հանդիպումէն ետք նշեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անդրադարձաւ Սուրիա այցելութեան, որ յարաբերութիւնները յառաջ մղեց եւ դիւրացուց առեւտրական ու մաքսատնային գործողութիւնները»:
«Վարչապետը կանգ առաւ իսրայէլեան յարձակումներու շրջագիծին ընդարձակման վրայ, ինչպէս նաեւ շեշտեց պատերազմական ոճիրներու փաստագրումը շարունակելու եւ զանոնք ՄԱԿ-ին ներկայացնելու կարեւորութիւնը:
«Ան նաեւ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին հետ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի ան մօտիկ ապագային Լիբանան այցելէ` գործուած պատերազմական ոճիրներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու:
«Վարչապետը նշեց, որ աշխատանք կը տարուի Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստ գումարելու», յայտնեց նախարարը:
Մըրքոս նաեւ աւելցուց. «Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա նշեց, որ Իսրայէլ Խիամի ճամբարին մէջ հաստատ կէտ ստեղծած է, եւ բացատրեց զինուորական կարգ մը այլ զարգացումներ:
«Ան ըսաւ, որ լիբանանեան բանակին հետ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ միջադէպեր կը պատահին, մասնաւորաբար մաքսանենգման զսպման ընթացքին»: