Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իրան տակաւին շրջանային գործակատարներու կ՛աջակցի եւ հեռահար հրթիռներ արտադրելու աշխատանք կը տանի»:
«Իրանեան վարչակարգի տապալումը կարելի է, սակայն երաշխաւորուած չէ, կարելի չէ անոր փոփոխութեան թուականը կանխատեսել, եւ եթէ իրանեան վարչակարգը տապալի, ատիկա Հըզպալլայի, Համասի եւ թերեւս նաեւ հուսիներուն վերջը կը նշանակէ», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:
«Ունինք աչքեր եւ ականջներ, որոնք ամէն ինչի կը հետեւին, սակայն երբ անհրաժեշտ ըլլայ, լուռ կը մնամ», յայտնեց ան:
«Չինաստան աջակցութիւն եւ իրանեան հրթիռներու արտադրութեան թեքնիք բաղադրիչներ տրամադրեց, եւ ատիկա չեմ հաւնիր», ըսաւ Նեթանիահու: