Խօսքը Ուղղելով Նախագահ Աունին` Քումաթի. «Ի՞նչ Իրաւունքով Կը Շրջանցես Պըրրին Եւ Լիբանանի Ճակատագիրին Վերաբերեալ Որոշումը Ինքնագլուխ Կու Տաս»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի շեշտեց. «Սիոնական գոյացութիւնը ախորժակ ունի մեր հողին, երկինքին եւ ջուրին նկատմամբ, եւ ասիկա բացայայտ կերպով կը յայտարարէ ճշդելով Մեծն Իսրայէլի սահմանները, որոնք կը ներառեն Լիբանանը, Սուրիան եւ յայտարարած շրջանէն մնացեալ մասերը, եւ ատոր ամերիկեան գետնի վրայ կը զօրակցին Թրամփն ու Պարրաքը, ինչպէս նաեւ կարգ մը արաբներ եւ դժբախտաբար կարգ մը լիբանանցիներ»:

«Հանրապետութեան նախագահը կ՛ուզէ լիբանանեան պառակտումի խորապատկերին վրայ իսրայէլացի թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութիւն վարել: Ուստի անոր հարց կու տանք` ի՞նչ իրաւունքով կը շրջանցես պետութեան հիմնական մէկ սիւնը, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին է, եւ ի՞նչ իրաւունքով Լիբանանի ճակատագիրին վերաբերեալ որոշում մը ինքնագլուխ կու տաս, ազգային միասնականութիւնը, սահմանադրութիւնը, օրէնքները, հպարտութիւնը, արժանապատուութիւնը, նահատակներուն արիւնն ու զոհաբերութիւնը կը շրջանցես: Լիբանանի ազգային միասնականութեան հաշուոյն Ամերիկային ու Իսրայէլին ծառայութիւննե՞ր կ՛ուզես կատարել», ըսաւ ան:

«Հանրապետութեան նախագահին խորհուրդ կու տանք թշնամիին հետ անցեալին տեղի ունեցածին նման անուղղակի բանակցութիւն վարելու, առանց զայն ճանչնալու, որպէսզի գլուխդ բարձր մնայ, որովհետեւ այդ պարագային բանակցութիւնը կ՛աւարտի, եւ դուն ազգային միաձայնութիւն կ՛ունենաս, եւ ոչ թէ իսրայէլեան-ամերիկեան օրակարգին հիմամբ, որ կը պահանջէ Դիմադրութիւնը զինաթափել», ըսաւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամը:

«Թշնամիին հետ ո՛չ ուղղակի, ո՛չ ալ անուղղակի բանակցութիւնը արդիւնքի պիտի հասնի, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի յայտարարուած ազգային հինգ նպատակներու իրագործման, որովհետեւ իսրայէլացի թշնամին կառչած կը մնայ իր ռազմավարական ծրագիրին եւ ան Լիբանանէն պիտի չհեռանայ: Ան խուսանաւում կը կատարէ եւ հեռանալ պիտի ընդունի միայն զէնքի ուժով ու դիմադրութեան ազդեցութեան տակ», յայտնեց Քումաթի:

«Իսրայէլն ու բռնագրաւեալ հիւսիսային Պաղեստինի մէջ բնակեցման վայրերը անվտանգութիւն պիտի չունենան, այնքան ատեն որ Լիբանանի անվտանգութիւնը չէ ապահովուած», շեշտեց Քումաթի:

 

Leave a Comment