Քրեմլին. «Փութին Պատրաստ Է Եւրոպացիներուն Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու, Սակայն Նախաձեռնողը Ինք Պիտի Չըլլայ»

Քրեմլին յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է որեւէ կողմի հետ բանակցելու, ներառեալ եւրոպացիները:

Նախքան այդ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդած էր, թէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները պատրաստ են բանակցութիւններ վարելու:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Փութին բազմիցս յայտնած է բանակցելու իր պատրաստակամութիւնը, սակայն, աւելցուց, որ Ռուսիա պատրաստ է եւրոպացիներուն հետ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն նախաձեռնողը ինք պիտի չըլլայ»:

 

Leave a Comment