Քրեմլին յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է որեւէ կողմի հետ բանակցելու, ներառեալ եւրոպացիները:
Նախքան այդ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդած էր, թէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները պատրաստ են բանակցութիւններ վարելու:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Փութին բազմիցս յայտնած է բանակցելու իր պատրաստակամութիւնը, սակայն, աւելցուց, որ Ռուսիա պատրաստ է եւրոպացիներուն հետ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն նախաձեռնողը ինք պիտի չըլլայ»: