Պայրագտարեան Այցելեց Ներքին Գործոց Նախարարին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարի եւ անոր հետ քննարկեց հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը թղթածրարներ:

Երկու նախարարները շեշտեցին կարեւորութիւնը երկու նախարարութիւններուն միջեւ համակարգումն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչ որ երիտասարդներուն մատուցուած ծառայութեան վրայ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ, մասնաւորաբար երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան մօտ օրէն նախաձեռնելիք ծրագիրներու ծիրին մէջ:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան նաեւ ընդունեց երեսփոխան Հալիմա Քահքուրը, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի մէջ կնոջական յանձնախումբի նախագահ Փասքալ Քասսուֆն ու աղջկանց ազգային խումբի մարզիչ Էլի Նարը:

Պայրագտարեանի հիւրերը անոր ներկայացուցին 2 յունիսին Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ վոլիպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան Լիբանանի ազգային խումբին մասնակցութեան պատրաստութիւնները:

Լիբանանի ազգային խումբը առաջին արաբական խումբն է, որ ախոյեանութեան կը հասնի: Նախքան այդ, ան տիրացած էր Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանի տիտղոսին:

Պայրագտարեան պատրաստակամութիւն յայտնեց ազգային խումբին Ֆիլիփեան կղզիներ ճամբորդութեան առնչուած վարչական քայլերը դիւրացնելու համար պէտք եղած քայլերը առնելու:

Ան նաեւ համաձայն գտնուեցաւ Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցելու համար մեկնելէն առաջ ազգային խումբը ընդունելու:

 

Leave a Comment