Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտարարեց. «Պատերազմը պէտք է Կազայի, Այսրյորդանանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի սահմաններու փոփոխութեամբ աւարտի»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը:
«Թշնամիի զոհերու թիւով չեմ հետաքրքրուած: Զիս հետաքրքրողը անոնց հողերուն մէջ լայն տարածքներու տիրելն է», աւելցուց Սմոթրիչ: