Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ Իրանի հետ պատերազմը կրնայ յաւելեալ երեք շաբաթ երկարիլ` պնդելով, որ Միացեալ Նահանգները «իրողապէս յաղթանակ արձանագրած են»:
Ան շեշտեց, որ որեւէ ժամանակային սահմանափակումի հիմամբ չի գործեր` նշելով. «Ժամանակը մեզի համար կենսական չէ»:
Ըստ անոր, պատերազմը ժողովրդային մեծ զօրակցութիւն կը վայելէ:
Թրամփ ձայնասփիւռի պահպանողական հաղորդավար Հիու Հիուիթի հետ հեռաձայնային հարցազրոյցի ընթացքին մերժեց բացայայտել, եթէ Թեհրանի կողմէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վրայ հրթիռարձակումէն ետք Իրանի հետ զինադադարը աւարտած է, եւ նախատեսեց, որ պատերազմը յաւելեալ 2-3 շաբաթ երկարի:
«Կա՛մ ճիշդ համաձայնութիւնը կը գոյացնենք, կա՛մ չափազանց դիւրին յաղթանակ կ՛արձանագրենք: Զինուորական տեսանկիւնէն, իրողապէս յաղթեցինք: Ինչպէս գիտէք, միլիոն անգամ այդ մէկը ըսելս լսեցիք, եւ ուրիշներ եւս կ՛ըսեն: Անոնք 159 նաւեր ունէին: Հիու, այժմ ոչինչ ունին: Անոնք բոլորը ծովուն յատակն են», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ չհաստատեց, որ Իրան զինադադարը խախտած է, այլ բաւարարուեցաւ ըսելով. «Տեսնենք ինչ պիտի պատահի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց, որ իր երկիրը «Ազատութեան ծրագիր»-ի գործողութեան հոլովոյթին մեկնարկով Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկէ»:
«Ըսին, թէ Հորմուզի նեղուցին կը տիրեն: Ապա կարծեցինք, որ այդ մէկը կատարած են: Սակայն զայն անոնցմէ ետք ձեռք ձգեցինք», աւելցուց ան:
Թրամփ նշեց, որ իրանցիները իրեն հետ լրատուամիջոցներուն ու պատկերասփիւռին իրենց խօսածէն ամբողջովին տարբեր ձեւով կը խօսին:
«Իրանցի ցուցարարները մօտ օրէն զէնքեր պիտի ունենան», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ Տան Քին յայտարարեց. «Իրան նաւարկումի օրէնքը խախտեց, եւ իրանեան կողմէն անկանոն կրակոց նկատեցինք»:
Ան նշեց, որ Իրան համաշխարհային մատակարարման շղթան իբրեւ զէնք կ՛օգտագործէ:
Քին ըսաւ, որ Իրան զինադադարի յայտարարութենէն ի վեր 9 անգամ կրակած է առեւտրական նաւերու վրայ:
«Ամբողջովին պատրաստ վիճակի մէջ ենք Իրանի դէմ կռիւը շարունակելու, եթէ ատոր հրամանը տրուի», ըսաւ ան:
«Ժամանակն է, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ շահ ունեցողները օժանդակութիւն տրամադրեն», յայտնեց ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետը:
«Աշխարհին կոչ կ՛ուղղենք` Հորմուզի նեղուցին մէջ ազատ նաւարկումին համար գործի լծուելու», ըսաւ ան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Դէմ Դրին Իրանէն Եկող Հրթիռներու Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքերու
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները երէկ Ծոցի երկիրներուն դէմ իրանեան յարձակումներու վերականգնման երկրորդ օրը յայտարարեց, թէ դէմ դրած են «Իրանէն եկող» հեռահար հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու:
Մէկ օր առաջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ դէմ դրած է 12 հեռահար հրթիռներու, 3 թեւաւոր հրթիռներու եւ 4 անօդաչու թռչող սարքերու:
Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի մնացեալ երկիրները զօրակցութիւն յայտնեցին` նշելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողքին կը կանգնին:
Դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն վրայ յարձակումներուն հարցով խորհրդակցական նիստ պիտի գումարէ:
Պաղայի. «Ծոցի Մէջ Իսկական Անվտանգութիւն Կարելի Է Հաստատել Միայն Շրջանի Պետութիւններուն Միջեւ Տեղական Գործակցութեամբ»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց. «Ծոցի մէջ իսկական անվտանգութիւն կարելի է հաստատել միայն շրջանի պետութիւններուն միջեւ տեղական գործակցութեամբ»:
«Շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը միայն անվտանգութեան բացակայութիւն բերաւ», նշեց ան:
«Ամերիկայի նկատմամբ անվստահութեան եւ խոր կասկածանքի մթնոլորտի մէջ կը բանակցինք», յայտնեց Պաղայի` նշելով. «Կարելի չէ մոռնալ բանակցութիւններու ընթացքին ամերիկեան յարձակումները, եւ պէտք է արթուն մնանք»:
«Որոշեցինք ներկայ բանակցութիւններուն մէջ պատերազմին վերջ տալուն վրայ կեդրոնանալ, փոխան բարդ խնդիրներու վրայ ժամանակ վատնելու», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Եթէ ամերիկացիները դիւանագիտութեան նկատմամբ իսկապէս լուրջ են, ապա պէտք է առիթը օգտագործեն», նշեց Պաղայի: