Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը եւ շեշտեց. «Մեր ազգային որոշումով եւ միասնականութեամբ կրնանք բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայել, եւ Լիբանանի մէջ սադրանքի շուրջ շինծու ամբողջ ժխտական մթնոլորտը անհիմն է»:
Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան հովանաւորութեամբ ընթացող հանդիպումները կարեւոր ձեռքբերում են Լիբանանի համար, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական հետաքրքրութեան կ՛արժանանայ:
«Ասիկա մեծ առիթ մըն է, որմէ պէտք է օգտուիլ», նշեց ան:
«Բանակցային հոլովոյթէն ետդարձ չկայ, որովհետեւ մեր առջեւ այլնտրանք չկայ», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
«Ուաշինկթընի մէջ քանի մը օրէն կը սպասուին մեր դեսպանին հետ նախապատրաստական բանակցութիւններ, որոնք ամերիկեան հովանաւորութեամբ բանակցութիւններու ճամբան պիտի հարթեն», յայտնեց Աուն` աւելցնելով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումի համար պահը յարմար չէ:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շեշտեց, որ իր եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հաղորդակցութիւնը չէ ընդհատած: