Հայկազեան համալսարանը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը` յարգելով 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ վերահաստատելով իր անսասան յանձնառութիւնը` պատմական ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանման հանդէպ:
Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանի ընտանիքի անդամները համախմբուեցան «Մուկար» պարտէզին մէջ` մասնակցելու յուզիչ արարողութեան մը, որ յատկանշուեցաւ` լոյսով, երաժշտութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ աղօթքով: Մասնակիցները, կազմելով խորհրդաւոր շրջանակ մը, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մոմերով ու սպիտակ ծաղիկներով եւ լռութեամբ զանոնք զետեղեցին «Անմոռուկ» խորհրդանշական յուշարձանին առջեւ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Պաշտօնական հիւրերուն կարգին էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, նաեւ` դասախօսներ, համալսարանի անձնակազմը եւ ուսանողներ:
Ոգեկոչումը լոկ յիշատակում չէր. անիկա արժանապատուութեան, արդարութեան, վերածնունդի եւ յիշելու բարոյական պատասխանատուութեան հաւաքական վերահաստատումն էր: Հաւաքը նաեւ յարգեց յիշատակը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու բոլոր զոհերուն` տարբեր ազգերու եւ պատմական ժամանակաշրջաններու:
Յայտագիրը ընդգրկեց երաժշտական կատարում մը` երաժշտական ակումբի անդամ Մարք Կուլկուլեանի կողմէ, որ նուագեց Շարլ Ազնաւուրի յուզիչ «Իլ սոն թոմպէ» («Անոնք ինկան») ստեղծագործութիւնը` իբրեւ յարգանքի տուրք անմեղ զոհերուն: Այնուհետեւ համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպերթ Վան Սաանէն առաջնորդեց ներկաները աղօթքով:
Իր խօսքին մէջ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան հանդէս եկաւ յիշողութեան, արդարութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան շուրջ խորհրդածութեամբ: «Յիշողութիւնը արդարութեան համար պայքարելու հիմնական գործիքներէն մէկն է,- ըսաւ ան: – Սակայն պատմութեան շրջումը ոճրագործի կողմէ կիրարկուող ժխտողականութեան մեքենականութիւն մըն է: Յիշելը եւ արդարութիւն պահանջելը քաղաքական խաղաթուղթեր չեն ազգերու սեղանին վրայ, այլ բնական հակազդեցութիւն` Ցեղասպանութեան դէմ»:
Շեշտելով ոգեկոչման բարոյական եւ հոգեւոր կողմերը` վեր. Հայտոսթեան աւելցուց. «Յարգելով նահատակներուն յիշատակը` մենք կը հաստատենք իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի սրբազան արժանապատուութիւնը, քանի որ անմեղներուն եւ անոնց սերունդներուն աղաղակը երբեք չի կորսուիր Աստուծոյ առջեւ»:
Ան նաեւ ընդգծեց ապրիլ 24-ի շարունակական այժմէականութիւնը. «Ապրիլ 24-ը միայն թուական մը չէ. անիկա խիղճի կոչ է: Նոյն այդ խիղճը այսօր կոչուած է սգալու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման նոր ձեւերը, ինչպէս նաեւ` մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող ամէն տեսակի ցեղասպանութիւններու նոր դրսեւորումները»:
Անդրադառնալով համալսարանի ակադեմական առաքելութեան` վեր. դոկտ. Հայտոսթեան եզրափակեց. «Ասիկա կրթական հաստատութիւն է. հետեւաբար մեր որդեգրած գլխաւոր բարոյական կոչումն է սորվեցնել մեր համայնքին` ապրիլ խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, եւ ոճիրները կոչել իրենց անուններով` անկախ անկէ, թէ ո՛վ է յանցագործը, ե՛րբ գործուած է ոճիրը, կամ ի՛նչ է անոր տարողութիւնը»: