Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքը (Եութլինքս) ընթացք առաւ հինգշաբթի, 30 ապրիլին՝ իր շուրջ համախմբելով 28 երիտասարդներ աշխարհի զանազան երկիրներէ (Քանատա, Վրաստան, Լիբանան, Հայաստան, Արցախ, Ռուսիա, Սպանիա, Իտալիա, Աւստրիա, Կիպրոս եւ Յունաստան)։
Մասնակիցները քառօրեայ աշխատանոցներու եւ պտոյտներու ընդմէջէն պիտի ծանօթանան իրարու, պիտի լսեն հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ մասնակցին աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ պիտի այցելեն Աթէնքի հայ գաղութի զանազան կեդրոններ եւ տեսարժան վայրեր։
Հաւաքին ներկայ է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան, իսկ կազմակերպական աշխատանքներուն կ՚օժանդակէ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը։
Առաջին օրը հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ քառօրեայ ծրագիրին եւ հաւաքին մասին։
Ապա խօսք առաւ հաւաքի յանձնախումբի անդամ Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի ծնունդը, անդրադարձաւ միութեան տարբեր ծրագիրներուն՝ յատկապէս երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական։
Խումբը այցելեց Աթէնքի Աքրոփոլիս տեսարժան վայրը, ապա ճաշելէ ետք հայկական «Միսաֆիր» ճաշարանին մէջ, շրջագայեցաւ Աթէնքի մէջ։ Առաջին աշխատանոցը հայկական պարն էր, որ տեղի ունեցաւ «Զաւարեան» ակումբին մէջ, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Անահիտ Սարիբէկեանի։
Ընթրիքէն ետք փակուեցաւ առաջին օրուան յայտագիրը։
Հաւաքի երկրորդ օրը երկար պտոյտի օր էր, որուն ընթացքին Յունաստանի տեսարժան վայրեր այցելութիւն նախատեսուած էր։
Հաւաքի մասնակիցներն ու պատասխանատուները առաջին հերթին ուղղուեցան Փելոպոնես, որ մեծ թերակղզի մըն է Յունաստանի հարաւային շրջանին մէջ։ Անիկա գրեթէ «կղզի» կը թուի, բայց ցամաքով կապուած է հիմնական Յունաստանին՝ նեղ տարածքի վրայ, ուր կը գտնուի Կորինթոսի ջրանցքը։ Ճամբուն վրայ մասնակիցներուն առաջին կանգառը եղաւ Կորինթոսի այդ հրաշագեղ կամուրջը, որուն շինութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են հայերը՝ յոյներու կողքին։ Ապա անոնք ուղղուեցան Էփիլապրոսի թատրոնը եւ Նաւփլիոն բերդաքաղաքը, որ Յունաստանի առաջին մայրաքաղաքը կը հանդիսանայ։ Նոյն վայրի մէջ մանրամասն բացատրութիւններ տրուեցան մասնագէտ ուսուցիչի մը կողմէ, սակայն կարելի չեղաւ աւելի մօտէն տեսնել Մայիս 1-ի առիթով փակ ըլլալուն պատճառով։ Ապա ուսանողները ճաշեցին Լիղուրիօ գիւղին մէջ։
Նաւփլիոն քաղաքին մէջ տեղատարափ անձրեւը մասամբ արգելք հանդիսացաւ ծրագրուած շրջապտոյտին, սակայն թրջուելու գնով արագ պտոյտ մը կատարուեցաւ քաղաքին մէջ, եւ վերադարձան Աթէնք։ Ապա ընթրիքի ընթացքին յայտագիրը շարունակուեցաւ ջերմ եւ խանդավառ ընկերային մթնոլորտի մէջ։
Եւրոպայի ուսանողական հաւաքին մասին աւելի մանրամասնութիւններ ունենալու համար կարելի է այցելել ընկերային ցանցերու էջերը։
#YouthLinks #YouthLinksEurope #Armenian #CulturalTrip #Europe #EuroTrip #Hamazkayin #ArmenianCulture #YouthProgram