Ըստ «Ժատիտ»-ի. Աունի Եւ Պըրրիի Միջեւ Յարաբերութիւններու Խզում Չկայ

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պաապտայի պալատին եւ Այն Թինէի միջեւ յարաբերութիւններու խզում չկայ, եւ երէկ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն հիմնական նպատակը ամրապնդելն էր ներքին կացութիւնը, որ երկու անձնաւորութիւններուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնը կը նկատուի»:

«Նախագահ Աունի եւ Պըրրիի միջեւ հաղորդակցութեան կապերը տակաւին բաց են, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ ուղղակի բանակցութեան նիւթին վերաբերեալ միւսին դիրքորոշման նկատմամբ», նշեց «Ժատիտ»:

«Նախագահ Աունը կ՛աշխուժացնէ իր հաղորդակցութիւնները ամերիկեան վարչակազմին հետ, մասնաւորաբար արտաքին գործոց նախարարութեան հետ` ճնշում բանեցնելու համար Իսրայէլի վրայ, որպէսզի յարգէ զինադադարը», աւելցուց պատկերասփիւռի կայանը:

«Էմ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պաապտայի պալատ պիտի չայցելէ, եւ վերջին ժամերու իսրայէլեան մագլցումէն ետք ամբողջական զինադադարի հաստատման պայման դրած է»:

«Աունի, Պըրրիի եւ Սալամի միջեւ հաղորդակցութիւնները մինչեւ այս պահս կը շարունակուին, եւ նախագահ Աուն կապի մէջ է ամերիկեան կողմին հետ` փորձելով իսրայէլեան մագլցումը զսպել», նշեց պատկերասփիւռի կայանը:

 

Leave a Comment