Ուրբաթ, 17 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Միասին՝ Լիբանանի Համար» (Together for Lebanon) խորագիրով բարեսիրական ձեռնարկը: Ան համախմբեց լիբանանցի համալսարանականներ, ուսանողներ եւ տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ՝ մէկ միասնական նպատակով՝ աջակցիլ Լիբանանին եւ անոր կարիքաւոր զաւակներուն։
Լիբանանցի համալսարանականներու եւ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչ եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Ալեքսանտր Պուտաքեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, յատկապէս այն պահուն, երբ Լիբանան կը դիմագրաւէ բազմաշերտ մարտահրաւէրներ։ Ան ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը, մասնաւորաբար օտար ափերու վրայ գտնուող ուսանողները եւ շրջանաւարտները, կրնան վերածուիլ կենսունակ կամուրջի մը՝ միաւորելով կարողութիւնները, գիտելիքն ու նուիրումը՝ ի սպաս լիբանանեան հայրենիքին։ Ալեքսանտր Պուտաքեան, որ արդէն ծանօթ անուն մըն է Ֆրանսահայ համալսարանականներու առօրեային մէջ, մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու: Անոր ներկայութիւնը կը մարմնաւորէ այն սերունդը, որ ոչ միայն կը գիտակցի իր պատասխանատուութեան, այլեւ պատրաստ է գործնական քայլերով նպաստելու փոփոխութեան։
Ալեքսանտըր Պուտաքեանի ողջոյնի խօսքը ոչ միայն բացաւ երեկոն, այլեւ տուաւ անոր հիմնական երանգը՝ համախմբում, յանձնառութիւն եւ հաւատք այն գաղափարին, որ միասնական ջանքերով կարելի է իրական ազդեցութիւն ունենալ։
Ներածական խօսք մը արտասանեց նաեւ Նուր Սիպայի: Ան ներկայացուց նախաձեռնութեան նպատակն ու կարեւորութիւնը՝ շեշտելով համախմբուած համայնքի ուժը։
Ապա խօսք առին շարք մը ազդեցիկ դէմքեր։ HEC շրջանաւարտներու Լիբանանի բաժանմունքի նախագահ Էլսա Աուն ընդգծեց լիբանանեան սփիւռքի դերը Լիբանանի աջակցութեան գործին մէջ եւ ներկայացուց տարբեր նախաձեռնութիւններու անհրաժեշտութիւնը։
Իր կարգին, Լիբանանի աջակցութեան ճգնաժամային հարցերու համակարգող Հատի Զապլիթ անդրադարձաւ երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ օժանդակութեան համակարգուած կարիքին։
Երեկոյի կարեւոր պահերէն մէկը եղաւ մշակոյթի նախկին նախարար եւ «Լ՛Օրիան-Լը Ժուր»-ի գործադիր տնօրէն Ռիմա Ապտել Մալաքի ելոյթը, որուն մէջ ան շեշտեց մշակութային եւ մարդկային դիմադրութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի ներկայ ճգնաժամին մէջ։
Առողջապահական ոլորտը ներկայացուց դոկտ. Փիեռ Անհուրին, որ իբրեւ առողջապահութեան նախարարի խորհրդատու՝ խօսեցաւ առողջապահական համակարգին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
Երեկոյի գագաթնակէտը հանդիսացաւ Մայա Շամս Իպրահիմչահի կոչը՝ իբրեւ «Պէյթ Էլ Պարաքա» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ նախագահ։ Ան ուղղակի կերպով դիմեց ներկաներուն՝ յորդորելով գործնական մասնակցութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի օգնութիւնը անմիջապէս հասնի կարիքաւորներուն։
Ծրագիրին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ տեսանիւթեր, որոնք ներկայացուցին «Պէյթ Էլ Պարաքա»-ի գործունէութիւնը եւ Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային իրավիճակը։ Տեսանիւթերը աւելի շօշափելի կերպով ցոյց տուին երկրին մէջ ապրողներուն դժուարութիւնները՝ խորացնելով ներկաներուն ներգրաւուածութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը։
Երեկոն շարունակուեցաւ նուիրահաւաքով եւ հարցուպատասխանով, ուր մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան անմիջականօրէն կատարելու իրենց սրտաբուխ աջակցութիւնը: Վերջաւորութեան կազմակերպուեցաւ ցանցային հանդիպում եւ հիւրասիրութիւն, որ նպաստեց կապերու ամրապնդման եւ նոր համագործակցութիւններու ձեւաւորման։ Ձեռնարկին յաջողութեան մէջ նշանակալի դեր ունեցան HEC շրջանաւարտներու Լիբանանի բաժանմունքը, լիբանանեան ուսանողական ակումբները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Լիբանան հիմնադրամը եւ ESA Business School-ը:
Ըստ կազմակերպիչներու եւ մասնակիցներու տպաւորութիւններուն, այս երեկոն դարձաւ վառ օրինակ մը, թէ ի՛նչ կարելի է իրականացնել, երբ համայնքը կը միաւորուի մէկ ընդհանուր նպատակով։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ լիբանանեան սփիւռքը ոչ միայն յիշողութեան տարածք է, այլեւ գործունեայ ուժ, որ կրնայ իրական ազդեցութիւն ունենալ հայրենիքի կեանքին մէջ։
Այսպիսով, «Միասին՝ Լիբանանի համար» նախաձեռնութիւնը ոչ միայն բարեսիրական ձեռնարկ մըն էր, այլ նաեւ յոյսի, համերաշխութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան արտայայտութիւն։


