Ռաատ. «Իր Սեփական Ազգային Խաղաղութեան Իրականացումը Յառաջ Չմղող Եւ Ուրիշներու Խաղաղութեան Ենթարկուող Իշխանութիւնը Իրաւունք Չունի Դիմադրութիւնը Մեղադրելու Ուրիշի Պատերազմը Մղելու Մէջ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Ախպար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Դիմադրութիւնը որեւէ ազգային պատկանելիութենէ զրկելու փորձը կրնայ դրդապատճառ կամ արդարացում հանդիսանալ, նոյնիսկ որոշ չափով, ուղղակիօրէն զայն մեղադրելու այլ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու կամ երկիրներու նպատակներուն ծառայելու մէջ` հայրենիքի շահերուն սպառնալով եւ երկիրը իր շահերուն ու նպատակներուն ծառայելու համար օգտագործելով, Դիմադրութեան մարտիկներու հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ դնելու եւ անոնց յանցաւոր մտադրութիւն վերագրելու նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հիմք ստեղծելու` կայացնելու համար կառավարական կամ քաղաքական որոշումներ, որոնք Դիմադրութեան գործողութիւնն ու զայն կատարողները կը զրկեն որեւէ օրինականութենէ, անկէ կ՛օտարացնեն հանրութիւնը եւ կը չորցնեն անոր բարոյական ու նիւթական աջակցութեան աղբիւրները»:

«Իր սեփական ազգային խաղաղութեան իրականացումը յառաջ չմղող եւ ուրիշներու խաղաղութեան ենթարկուող իշխանութիւնը իրաւունք չունի Դիմադրութիւնը մեղադրելու ուրիշի պատերազմը մղելու մէջ», գրեց Ռաատ:

 

 

Leave a Comment