Որեւէ երկրի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը սահմանադրութեան վրայ հիմնուած յատուկ օրէնսդրութիւն եւ նախապայմաններ ունի: Քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու իրաւունքը բոլորին համահաւասար իրաւունքն է, սակայն ենթական պարտաւոր է ամբողջացնելու ճշդուած պայմաններն ու պարտաւորութիւնները:
Տարբեր քաղաքացիութիւններու ձեռք բերումը ոչ մէկ ժխտական բնոյթ ունի, ընդհակառակը, թէ՛ անձին եւ թէ՛ տուեալ երկրին համար իր օգտակարութիւնները եւ առաւելութիւնները ունի: Եթէ անձին համար կեանքի մէջ նոր կարելիութիւններու ստեղծման առիթ է, երկրին համար զարգացման ու յառաջընթացի գործօն կը հանդիսանայ: Հարկ է ընդունիլ սակայն, որ առկայ են նաեւ մտահոգութիւններ` երկրի մը ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնը պահպանելու առումով, ինչ որ անշուշտ այլ վերլուծելի եւ ուսանելի խնդիր կը մնայ:
Այս ծիրին մէջ, սակայն, շատ պարզ եւ ցայտուն երեւոյթ մը ուզեցի լուսարձակի տակ բերել, որուն անցնող տարիներուն չէի անդրադարձած, սակայն վերջերս սկսայ այդ մասին այլ կերպ նաեւ մտածել: Մայրուղիներու վրայ յաճախ զետեղուած կը տեսնենք այս կամ այն երկրի քաղաքացիութիւն ստանալու առիթներու ծանուցումներ: Ծանուցողական այդ պաստառներուն վրայ կը նշուի, որ կարելի է ստանալ տուեալ քաղաքացիութիւնը` վճարելով 100.000 կամ այլ տեղ մինչեւ 250.000 ամերիկեան տոլար: Աւելի՛ն. վերջերս ականատես կը դառնանք նաեւ զեղչ-վաճառքի յայտարարութիւններու եւ, օրինակ, կը ծանուցուի, որ փոխան 90.000 ամերիկեան տոլարի` կարելի է 85.000 ամերիկեան տոլարով քաղաքացիութիւնը` ձեռք բերել: Այլապէս ալ պետութիւններ ներդրումային նիւթական սահմաններով կը քաջալերեն այլ երկրացիներ` տարիներու ընթացքին ունենալու իրենց երկրի քաղաքացիութիւնը, որ անշուշտ դարձեալ տնտեսական եկամուտի յաւելեալ աղբիւր է տուեալ պետութեան համար:
Արդարօրէն հարց կու տամ, թէ արդեօք ի՞նչ ապրանքատեսակի կամ վաճառանիշի մասին է խօսքը: Կը բաւէ, որ ենթական գումարը վճարելու հնարաւորութիւն ունենայ եւ արդէն տէր կը դառնայ երկրի մը քաղաքացիութեան ու կը վայելէ տուեալ երկրի քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները:
Այստեղ արդէն տնտեսական շահոյթի միտումը ակներեւ է: Պետութիւններ իրենց այս քայլը կը հիմնաւորեն պետական պիւտճէին յաւելեալ ներդրումներ ապահովելու առաջադրանքով: Թերեւս պէտք չէ զարմանալ, երբ այսօր երկրագունդին վրայ համաշխարհային տնտեսական պատերազմ է, որ տեղի կ՛ունենայ, եւ այդ մէկը կը դրսեւորուի ` մերթ արհեստագիտական ոլորտի մէջ հսկայական նուաճումներով, ճարտարարուեստի եւ ուժանիւթի արտադրողական կարելիութիւններու բազմապատկումով եւ անշուշտ այլ տեղ` զինուորական հնարաւորութիւններու եւ կազմածներու գերարդիականացումով, որոնք այլեւս կը գլեն ու կ՛անցնին մարդկային երեւակայութեան սահմաններն անգամ:
Այլ պարագաներու եւ պայմաններու մէջ համաշխարհային տնտեսական այդ պատերազմը կը դրսեւորուի` ուժի գործածութեամբ, համատարած քանդումներով, տեղահանութիւններով եւ ժողովուրդներու ու երկիրներու արդար իրաւունքներու ոտնահարումով: Այլեւս բացայայտ իրողութիւն է սակայն, որ այս բոլոր գործընթացներուն խորքը տնտեսական է: Պատերազմներու դադարեցման ու համաձայնութիւններու գոյացման համար կը փնտռուին տնտեսական փոխշահաւէտ հարթակներ: Այդ հարթակներու կայացումին համար, ի՛նչ փոյթ, մարդկային խիղճը նաեւ տեղ մը քարանայ եւ մարդկութիւնը նաեւ իբրեւ լուռ հետեւորդ դիտէ այդ բոլորը` իբրեւ պարզապէս հետաքրքրական ֆիլմաշար, ու շարունակէ իր բնական կեանքը:
Համաշխարհային այս տնտեսական պատերազմին մէջ ազգային ինքնութիւնն ու մշակոյթը նաեւ կը դիմագրաւեն ծանր ու աննախընթաց մարտահրաւէրներ: Հոս նաեւ գրոհը կը շարունակուի, եւ մշակոյթը զուտ արդիւնաբերական գործարքի վերածելու առաջադրանքով մեծերու կողմէ կը կլանուին փոքր մշակոյթները, ինչպէս նաեւ նոյն այդ փոքր երկիրները միջազգային այս ալիքին փոխանակ հակադարձելու` իրենց ուղղութիւնը կը փոխեն եւ նոյն այդ ալիքի ուղղութեամբ կը շարժին` առանց զգալու, որ արդէն իրենց սեփական մշակութային առանձնայատկութիւնները ծովուն յատակը հասնելու վտանգին դիմաց են:
Փաստօրէն դարաւոր պատմութիւն եւ մշակոյթ այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին համաշխարհային տնտեսական պատերազմի իբրեւ արդիւնք ստեղծուած նոր համակարգի մը:
Թէ այս բոլորին մէջ ի՛նչ պէտք է ընել, բնականաբար այլ նիւթ է եւ կարիքը կայ խորիմաստ ու զգացական զեղումներէ անդին` լուրջ աշխատանքի եւ ռազմավարութեան մշակման: Անհրաժեշտ է սակայն, առաջին հերթին, աշխատանքի պատրաստակամութիւն, եւ մանաւանդ հիմնական է այդ աշխատանքը յաջողցնելու համար համապատասխան կարողականութեանց գնահատում:
Մտածենք միասին, սակայն պատրաստ ըլլանք նաեւ իր հրատապութիւնը օրէ օր շեշատդրող աշխատանքին:
