Աուն. «Զինադադարը Բանակցութեան Մէջ Յառաջ Ընթանալու Դուռն Է Եւ Տեղական Ու Արտաքին Աջակցութիւն Կը Վայելէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն, ընդունելով Պէյրութի երեսփոխաններէն պատուիրակութիւն մը, յայտնեց. «Ուղղակի բանակցութիւնները նուրբ ու առանցքային են, եւ ազգային պատասխանատուութիւնը պէտք է յառաջիկայ փուլին մէջ մէկ ըլլայ: Ամբողջ աշխարհի աչքերը Լիբանանին ուղղուած են»:

«Պետութեան դիրքորոշումը զինադադարի հաստատումն է, իսրայէլեան ուժերու բռնագրաւեալ հարաւային հողերէն հեռացման ապահովումը, գերիներուն վերատիրացումն ու առկախ սահմանային վէճերու կարգաւորումը», նշեց նախագահը:

«Զինադադարը բանակցութիւններուն մէջ յառաջ ընթանալու դուռն է եւ անիկա տեղական ու արտաքին աջակցութիւն վայելող ընտրանք մըն է: Անոր ամէնէն ակներեւ երեւոյթներէն մէկը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երէկուան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած Լիբանանի, անոր գերիշխանութեան, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան աջակցութիւնն էր, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու լիբանանցի ժողովուրդի կողքին կանգնիլը` վերջ տալու համար անոր տառապանքին, վերականգնելու անոր առողջութիւնը եւ վերստին կեանքի կոչելու անոր տնտեսութիւնը, որ վերջին պատերազմէն ժխտական ազդեցութիւն կրեց», յայտնեց Աուն:

«Իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք լիբանանեան բանակը հիմնական դեր պիտի խաղայ, ինչ կը վերաբերի մինչեւ հարաւային միջազգային սահմաններ տարածուելուն, զինեալ երեւոյթներուն վերջ տալուն եւ իրենց գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ վերադարձէն ետք հարաւցիները հանգստացնելու, թէ բանակէն ու օրինական ապահովական ուժերէն բացի այլ զինեալ ուժեր չկան», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Լիբանանցիները, որոնք անցնող տարիներուն բազմաթիւ նեղութիւններ կրեցին, այսօր կը գտնուին նոր իրավիճակի մը առջեւ, որ անոնց արաբական ու միջազգային աջակցութիւն կ՛ապահովէ, եւ ասիկա առիթ մըն է, որ պէտք չէ կորսնցնենք, որովհետեւ կրնայ չկրկնուիլ», աւելցուց նախագահ Աուն:

 

Leave a Comment