Նախագահ Աուն Ռուպիոյին Շնորհակալութիւն Յայտնեց Զինադադարի Հաստատման Գծով Ուաշինկթընի Ջանքերուն Համար

Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հեռաձայնած է նախագահ Ժոզեֆ Աունին:

Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է զինադադարի հաստատման նպատակով ջանքերուն եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Ռուպիօ իր կարգին վստահեցուցած է, որ կը շարունակէ իր ընթացող ջանքերը զինադադարի հասնելու` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը աջակցութիւն յայտնած է ու բարձր գնահատած նախագահ Աունի դիրքորոշումները:

«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Աուն Ռուպիոյին փոխանցած է, թէ Նեթանիահուի հետ պիտի չխօսի:

Leave a Comment