Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուածը

Ինչպէս նախապէս ծանուցած էինք, «Ազդակ» հրատարակութեան կը յանձնէ իր նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի յիշատակին ձօնուած յաւելուածը: Վկայութիւններով, յուշերով եւ արժեւորումներով այս յաւելուածին մէջ ստորագրած են խմբագիրներ, «Ազդակ»-ի նախկին-ներկայ աշխատակիցներ եւ Սարգիս Մահսէրէճեանին մտերմութիւնը վայելած գործընկերներ: Գրութիւններ ունին` Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Վիգէն Աւագեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Հրաչ Վարժապետեան, Արմէն Ապտալեան, Թալին Օրտողլեան, Վերա Եագուպեան, Զաւէն Թորիկեան, Ասպետ Մանճիկեան, Թամար Սնապեան-Սուրճեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Ասպետ Պալեան, Ժան Հալլաճեան, Յովիկ Մահսէրէճեան, Սիւզան Խարտալեան, Արին Գալուստեան, Արշակ Պաւուկեան, Համբիկ Պիլալեան, Հրայր Գէորգեան, Քնար Քորթոշեան, Կարօ Կէրէքմէզեան, Յարութ Մկրտիչեան, Գէորգ Պետիկեան, Սարօ Նազարեան, Սարգիս Տաղտէվէրեան, Կարինէ Տէր Գէորգեան, Մարինէ Մարտիրեան, Ռազմիկ Շիրինեան:

32 էջէ բաղկացած յաւելուածին հովանաւորներն են Ֆրեզնոյէն տէր եւ տիկին Մարք եւ Մարկարիթ Շիրին: Յաւելուածի խմբագիրն է Նորա Բարսեղեան:

Այս կիրակի օր «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունենալիք յուշ-հանդիպումին ներկաները պիտի ստանան յաւելուածէն օրինակներ:

 

 

Leave a Comment