Ռուպիօ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլեան – Լիբանանեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Պատմական Առիթ Մը Ունինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլեան-լիբանանեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ պատմական առիթ մը ունինք»:

«Բոլոր բարդութիւնները յառաջիկայ վեց ժամուան մէջ պիտի չլուծուին, եւ կրնանք յառաջ ընթանալ ընդհանուր շրջագիծի մը մշակման ուղղութեամբ», նշեց ան:

«Խնդիրը կը վերաբերի Հըզպալլայի քսան կամ երեսուն տարուան ազդեցութեան», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Leave a Comment