Նեթանիահու. «Ցուցմունք Տուի Կարելի Եղածին Չափ Մօտիկ Ժամանակին Լիբանանի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Սկսելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Ցուցմունք տուի կարելի եղածին չափ մօտիկ ժամանակին Լիբանանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու: Բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան Հըզպալլայի զինաթափման եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վրայ»:

«Իսրայէլ կը գնահատէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` Պէյրութը զէնքէ զուրկ դարձնելու կոչը», նշեց Նեթանիահու:

Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց, որ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները կրակոցի տակ պիտի ըլլան` նշելով. «Շարունակական յարձակումներու կը պատրաստուինք»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Լիբանանի հետ զինադադար չկայ, եւ բանակցութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ օրերուն»:

Իսրայէլեան աղբիւր մը «Ճերուզալեմ փոսթ»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպանը պիտի ղեկավարէ Լիբանանի առնչուած բանակցութիւնները»:

 

 

Leave a Comment