Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն հաւատարիմ է Լիբանանի գերիշխանութեան, եւ ոչ ոք յանուն Լիբանանի կը բանակցի իր ուզած լուծումին շուրջ:
«Լիբանանը կը բանակցի այդ հիմքին վրայ, եւ նախագահին վստահուած են այս բանակցութիւնները` համակարգուած եւ բոլոր պատասխանատուներուն, ներառեալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ անհրաժեշտ ազգային համաձայնութեամբ»:
«Կ՛ուզենք համաներման օրէնք մը, որուն համաձայն է հանրապետութեան նախագահը: Նկատի առինք մարդասպանութեան ոճիրներու եւ Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցուած ոճիրներուն շուրջ նախագահի տեսակէտը», ըսաւ Պու Սաապ: