Միացեալ Նահանգներ-Իրան՝ Երկու Շաբաթուան Զինադադար

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 8 մարտին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ երկու շաբթուան զինադադար հաստատուած է՝ աւելցնելով, որ Իրանի հետ երկարատեւ խաղաղութեան շուրջ վերջնական համաձայնութեան գոյացման ուղղութեամբ երկար ճամբայ կտրուած են։

Իրանեան իշխանութիւնները իրենց կարգին «մեծ յաղթանակ»-ի մը արձանագրումը յայտարարեցին՝ նշելով, որ համաձայնութիւնը կը ներառէ Լիբանանի դէմ պատերազմի դադրեցումը։

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտարարեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, անոնց դաշնակիցներուն կողքին, համաձայնեցան անմիջապէս բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի եւ այլ վայրերու մէջ, զինադադար հաստատել»։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանէն 10 կէտերէ բաղկացած առաջարկ մը ստացանք, եւ կը կարծենք, թէ անիկա բանակցութեան գործադրելի հիմք է»։

Ան ըսաւ, որ համաձայն գտնուած է Իրանի ռմբակոծումն ու անոր վրայ յարձակումներու շղթայազերծումը երկու շաբաթով դադրեցնելու, եւ որ երկու շաբթուան ժամանակը պիտի արտօնէ համաձայնութիւն գոյացնել ու կնքել։

Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նախապէս գոյութիւն ունեցած տարակարծութեան տուն տուող գրեթէ բոլոր կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ իր երկիրը Իրանի մէջ իր զինուորական բոլոր նպատակները իրագործած է՝ անոնցմէ անդին ալ անցած։
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը յայտարարեց, թէ որոշուած է Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններ վարել՝ պատերազմին վերջ տալու մանրամասնութիւններու վերջին դասաւորումները կատարելու համար՝ նշելով, որ բանակցութիւնները պիտի սկսին ուրբաթ, 11 ապրիլին։

Խորհուրդը յայտարարեց, թէ Իրան «մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց» եւ Միացեալ Նահանգներու ստիպեց ընդունիլ 10 կէտերէ բաղկացած իր առաջակը՝ աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը կը ներառէ բոլոր պատժամիջոցներու ջնջումն ու արտասահմանի մէջ սառեցուած իրանեան հաշիւներու ապասառեցումը։

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը յայտնեց, որ 10 կէտերէ բաղկացած առաջարկը կը ներառէ «յարձակում չգործելու սկզբունքային յանձնառութիւն, Հորմուզի նեղուցին վրայ մեր վերահսկողութեան շարունակութիւն, նեղուցէն անցում՝ իրանեան ուժերու հետ համակարգումով, իւրանիոմի հարստացման ընդունում, բոլոր պատժամիջոցներու ջնջում եւ Իրանի փոխհատուցումներու վճարում», ինչպէս նաեւ «ամերիկեան ուժերու շրջանէն հեռացում, եւ բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ պատերազմի դադրեցում»։

 

Leave a Comment